ՍԱՐԳԻՍ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆԻՆ

            Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի խնդրանքով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, Եկեղեցւոյ սարկաւագներէն՝ Բարեշնորհ Սարգիս Սարկաւագ Յովհաննէսեան արժանացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, առ հասարակ Հայ Եկեղեցւոյ, եւ ի մասնաւորի ձայնագրեալ շարականներու նօթագրման ու մշակման աշխատանքին մէջ ունեցած իր մեծ աւանդին ու վաստակին համար:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us