Ս. Ստեփանոս Նախավկայ սարկաւագը մէկն էր այն եօթը երիտասարդ քրիստոնեաներէն, որոնք Երուսաղէմի Եկեղեցւոյ կողմէ սարկաւագ ընտրուեցան՝ ժողովրդին սպասաւորելու համար:
Ս. Ստեփանոս Սուրբ Հոգիի շնորհքներով ու զօրութեամբ լեցուն անձ մըն էր եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին կը վկայէր ո՛չ միայն խօսքով, այլեւ՝ զարմանալի գործերով ու նշաններով:
Անոր քարոզներն ու յանդուգն կեցուածքները, իմաստութիւնն ու հաստատակամութիւնը գրգռեցին փարիսեցիներն ու դպիրները, եւ անոնք Ս. Ստեփանոսը, որպես հայհոյիչ եւ հերձուածող, դատապարտեցին մահուան:
Այսպիսով, Ս. Ստեփանոս եղաւ քրիստոնէական հաւատքի առաջին նահատակը, այդ իսկ պատճառով, քրիստոնէական եկեղեցին զայն կը կոչէ Նախավկայ Սարկաւագ։