Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը, Կիրակի, 19 Դեկտեմբեր 2021-ին, մեծ խանդավառութեամբ նշեց Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին ու Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Արդարեւ, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնման Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, սուրբին վարքն ու մարտիրոսութիւնը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց, Մատաղօրհնէքի արարողութիւն ու Հոգաբարձութեան կազմի օրհնութիւն կատարեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Առաջնորդ Սրբազան հօր առընթերակայութեամբ, Ս. Սեղանին սպասարկեց Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Աբեղայ Եագուպեանն ու սարկաւագաց դասի անդամները: Ս. Պատարագին ներկայ էին Թեմիս Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիկիկ Ծովիկ Թերզեանը եւ Պրն. Նորայր Պէզճեանը, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու ծառայող մարմիններու անդամները:
Նախքան քարոզը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կազմն ու այնուհետեւ փոխանցեց քարոզը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը սկսաւ առաջին հերթին փառք եւ գոհութիւն տալով Աստուծոյ, ապա, ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ կեանքը իմաստաւորող եւ կենսաւորող նուիրեալ ծառայողներուն ու ծխական համայնքին, յորդորելով՝ նոր աւիւնով ու կենսունակութեամբ ընթանալ այն ճանապարհէն, որ հարթած են մեր նախնիները:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայացուց Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին վարքն ու հրաշագործութիւնները, նշելով, որ Ս. Յակոբ եղած է հմուտ կրօնապետ եւ քրիստոնէական նախնական դարերու մեծագոյն ուսուցիչներէն մէկը: Իր անուան վերագրուած են շատ մը վարդապետական-ուսուցողական գրութիւններ, ճառեր, բարոյախօսականներ, որոնք հայերէնի թարգմանուած են Ե. դարուն: Ս. Յակոբ ըլլալով հռետոր, քաջ քարոզիչ, ճգնող եւ միաժամանակ հրաշագործ Հայրապետ մը՝ մասնակցած է Նիկիոյ Տիեզերական Ա. ժողովին եւ մեծ համբաւ ունեցած: «Ըստ հրաշապատում աւանդութեան մը, ան երեք անգամ փորձած է բարձրանալ Արարատի գագաթը՝ Նոյեան Տապանէն մասունք մը ապահովելու համար, սակայն վերելքին նուաճումը անկարելի ըլլալով, Աստուածային միջամտութեամբ հրեշտակ մը անոր յանձնած է Տապանին մասունքը, որ մինչեւ այսօր իբրեւ սրբութիւն կը պահուի Ս. Էջմիածնի գանձատան մէջ», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը, եւ շեշտեց, որ մեր նախնիները դժուարին հանգամանքներու մէջ, Ս. Յակոբի օրինակով, հաւատքի ամուր վէմին վրայ շինեցին այս եկեղեցին եւ տոկուն հաստատութեան մը առհաւատչեան տուին մեզի, մենք ալ պարտ ենք հետեւիլ անոնց եւ մեր հաւատքը դրսեւորել գործով եւ ծառայութեամբ։
Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, հոգաբարձութեան անդամներուն, Ազգային Երեսփոխաններուն, տիկնանց յանձնախումբին, սարկաւագներուն, դպրաց դասի եւ բոլոր յարակից յանձնախումբերու անդամներուն եւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը մատաղի օրհնութիւն կատարեց եւ «Պահպանիչ»ով օրհնեց հաւատացեալները, որոնք մատաղէն բաժին առնելով՝ օրուան խորհուրդով լիացած մեկնեցան իրենց բնակարանները։