Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Հինգշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աստղիկ Աբրահամեանի «Սեւ լեռները»՝ «Les montagnes noires» ֆրանսերէն վէպի շնորհահանդէսը, որ նուիրուած է Արցախի առաջին ազատագրական պայքարին:
Նշենք, որ Աստղիկ Աբրահամեան Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի շրջանաւարտ է իսկ
այժմ Օթթաուայի համալարանի դոկտորայի թեկնածու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավարը՝ Թալիա Ճապրայեան, որ ներկայացուց հեղինակին համառօտ կենսագրութիւնն ու ցայժմ ունեցած ձեռքբերումները: Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին մը, որուն ընթացքին Ս. Յակոբ Վարժարանի աշակերտուհի Վանա Գարայեան մէջ ընդ մէջ ընթերցեց վէպէն բաժիններ: Հեղինակը համապարփակօրէն ներկայացուց վէպին նիւթը, հերոսներն ու թեմատիկ զարգացումները, շեշտը դնելով վէպի դէպքերուն ու ստեղծագործական ժամանակաշրջաններուն վրայ՝ կամրջելով հինն ու նորը, որ երկուստեք մութ ու սեւ օրեր էին Արցախի եւ ողջ հայութեան համար:
Իր փակման խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատեց Հայեցի Դաստիարակութեան խորհուրդին ջանքերը, գնահատանքով անդրադարձաւ հեղինակին նախանձախնդիր մօտեցումին եւ յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ ինքնութեան ճանաչման այն մարտահրաւէրներուն ու առաջադրանքներուն, որոնք կը կարօտին երախտաշատ ճիգերու աւելի եւս լարումի։
Բաբգէն Սրբազան նշեց, որ Աստղիկի նման խոստմնալից երիտասարդները պատիւ են համայնքին եւ ողջ հայութեան համար: Ան յորդորեց ներկաները հետամուտ ըլլալու հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն, հայութեան ինքնուրոյն դիմագծի պահպանման, նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, որպէսզի ազգային ժառանգութիւններով հարստացած եւ մասնագիտութեամբ զինուած ծառայեն հայ ազգին ու եկեղեցւոյ:
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրով պատուեց Աստղիկ Աբրահամեանը: