Աւելի քան երկու տարիէ ի վեր, Լիբանանի մեր հայկական օճախը կ՚ապրի տագնապալի վիճակներ. երբեմնիինքնաբաւ ու բարօր գաղութը, այսօր մատնուած է մարդկային, տնտեսական, ընկերային ու առողջապահական  ծանր ու անել դրութեան: Մեր ժողովուրդի զաւակները անձկագին ժամանակներ կ՚ապրին ու պէտք ունին մերհետեւողական օժանդակութեան։

Այսօր, օրհասական պահը տակաւին կը շարունակուի… Ի հեճուկս  բարեփոխման ճիգերու եւ խաղաղութեան կոչերու, Լիբանանի կացութիւնը բարելաւում չ՚արձանագրեր, այլ ընդհակառակն, կը գտնուի յաւելեալ վատթարացման վտանգին տակ։ Ժողովրդային զանգուածներ, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակները կը գտնուին նորանոր սպառնալիքներու դէմ յանդիման։

Ուստի, ընդառաջելով  լիբանանահայութեան զօրավիգ կանգնելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մեզի ուղղած կոչին, այսու կը շարունակենք զօրակցական դրամահաւաքը։ Ինչպէս արդէն յայտարարած էինք, Թեմս առաւելաբար կը կեդրոնանայ Հայ Դպրոցին ու հայ աշակերտին վրայ, քաջ գիտակցելով,  որ գաղութ մը իր ինքնութիւնն ու հզօրութիւնը կը պահէ հայ դպրոցին կենսատու ներկայութեամբ։

Կոչ կ’ուղղենք Թեմիս հաւատացեալ ժողովուրդին, Կրթական օճախներուն եւ բարերարներուն ու բարեկամներուն, որ իրենց առաւելագոյն կարելին ի գործ դնեն հայ դպրոցը պահելու համար կենսունակ եւ ձեռք երկարեն Լիբանանահայ աշակերտին՝ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ:

Արդարեւ, Գանատայի Հայոց Թեմը, առաւել յանձնառութեամբ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Լիբանանահայութեան, մեղմացնելու համար անոնց ցաւերն ու տառապանքը։

Յայտնենք նաեւ, որ հանգանակուած գումարը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով պիտի փոխանցուի Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին, առ ի տնօրինում:

Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել հետեւեալ հասցէին.- Armenian Prelacy of Canada, “Aid to Lebanon Fund” https://armenianprelacy.ca/donate/,  3401 Olivar-Asselin | Montreal, Quebec H4J 1L5

 

Դիտել Տեսանիւթը