Տնօրինութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Կիրակի, 24 Հոկտեմբեր 2021-ին, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Աբեղայ Եագուպեան Ս. Պատարագ մատուցեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ եւ իր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին, վեր առնելով Գիւտ Խաչի տօնին, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչին ընդմէջէն Խաչեալին գերագոյն զոհողութեան խորհուրդը: Իսկ Կիրակի, 17 Հոկտեմբեր 2021-ին, Հայր Յակոբ Ս. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ:
Նշենք, որ Տ. Յակոբ Աբեղայ Եագուպեան ամիսէ մը ի վեր հոգեւոր առաքելութեամբ ժամանած է Գանատայի Հայոց Թեմ, միացած է Թեմիս հոգեւորականաց դասուն եւ ստանձնած Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոէնական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչի պաշտօնը: