Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Նաւակատիքին՝ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, Կիրակի, 26 Սեպտեմբեր 2021-ին, Գանատայի Հայոց  Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, յաւուր պատշաճի պատգամը ուղղեց եւ այնուհետեւ, մատաղօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Ս. խորանին սպասարկեցին Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեանն ու դպրաց դասի անդամները: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը, երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան ու  Տիկնանց յանձնախումբի անդամներ, գործակից միութեանց ներկայացուցիչներ ու հաւատացեալներ:

            Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին բնաբանը ընտրած էր Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն յղած երկրորդ նամակի առաջին գլուխի հինգերորդ համարը, որ կ’ըսէր.- «Որովհետեւ, որքան շատ բաժնեկից կ’ըլլանք Քրիստոսի չարչարանքներուն, այնքան աւելի մեծ կ’ըլլայ Իր օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը մեզի»: Վերոնշեալ բնաբանին լոյսի տակ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Ս. Գէորգ զօրավարի վարքաբանութեան ու առաքելութեան, ու ըսաւ, որ Ս. Գէորգ իր կեանքի ընթացքին եղաւ սուրբ, որովհետեւ մաքրամաքուր ճգնաւոր մը եղաւ, ուսուցանող ուսուցիչ, Քրիստոնէութեան դէմ ծաւալած հալածանքներուն ժամանակ նահատակուեցաւ,  որովհետեւ արդարութիւնը պաշտպանեց։ Ս. Գէորգն ու իրեն նման այլ սուրբեր իրենց արիւնը հեղեցին յանուն Քրիստոսի եւ անոր խորհրդաւոր մարմնին` եկեղեցւոյ շինութեան:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ Վարագայ Ս. Խաչ տօնին մասին, եւ նշեց, որ «եօթներորդ դարուն, երբ Հայաստան ինկած էր արաբական տիրապետութեան տակ, հրաշքով մը Ս. Խաչը գտնուեցաւ Վարագ լերան վրայ, եւ այնուհետեւ, մեր պատմութեան ամենադժնդակ օրերուն պահպանեց մեզ»։ Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Ս. Խաչի զօրութեամբ, այսօր եւս պաշտպանէ հայ ժողովուրդը, որ կ’ապրի դժնդակ օրեր՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի ու Արցախի մէջ:

 Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, գնահատանքի խօսքեր ուղղեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, հոգաբարձութեան անդամներուն, երեսփոխաններուն, Տիկնանց յանձնախումբին, դպրաց դասին եւ ամբողջ համայնքին։

            Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր կատարեց մատաղի օրհնութիւնը: Հաւատացեալներ մատաղէն բաժին առնելով՝ օրուան խորհուրդով լիացած մեկնեցան իրենց բնակարանները։