IMG-20141030-01083Թեմակալ Առաջնորդի Հրաւէրով՝
Հանդիպում Հայ-յարանուանութեանց Պետերուն Հետ

Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով, ծանօթացման առաջադրանքով հանդիպում մը կայացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի եւ Մոնթրէալի միջ-յարանուանական մարմնին միջեւ։

Ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերապատիւ Տ. Աբգար Վրդ. Յովակիմեան, Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան, Հոգեշնորհ Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, Գերյարգելի Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան, Արժանապատիւ Տ.Տ. Գառնիկ, Վազգէն, Կոմիտաս, Գաբրիէլ Քահանայ Հայրերը, Պատուելիներ՝ Մանուէլ Ճինպաշեան, Աւետիս Զարիֆեան եւ Յովհաննէս Սվաճեան։

Այս առիթով, յաջորդաբար խօսք առին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Հայր Աբգարը, Հայր Ստեփանոսը. իսկ Շահան Սրբազան սպառիչ տեղեկութիւններ փոխանցեց հոգեւոր եղբայրներուն եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն։ Հանդիպումը վերջ գտաւ Վերապատուելի Ճինպաշեանի աղօթքով։

IMG-20141030-01084