Շահան Արքեպիսկոպոս կը ժամանէ Մոնթրէալ
Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արքեպս. Սարգիսեան ժամանեց Մոնթրէալի Միջազգային օդակայանը։ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդին եւ տեղւոյս Հոգեւորականաց Դասին եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետին կողմէ։
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու Անդամներուն եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արքեպս. Սարգիսեանի միջեւ մտերմիկ հանդիպում մը։
Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեանը, ներկայացուց եւ ծանօթացուց ներկաները, Գանատայի մէջ գործող կազմակերպութիւնները, հաստատութիւնները, եւ տեղւոյն միութիւնները։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արքեպս. Սարգիսեանը կարճ եւ կոկիկ տեղեկատուականով, նախ կանխաւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմակալ Առաջնորդին, ինչպէս նաեւ Գանատայի մէջ ապրող հայութեան, իրենց շարունակական աջակցութիւնը ցուցաբերած ըլլալնուն համար։ Ապա խօսեցաւ Սուրիան յուզող այժմէական մարտահրաւէրներուն եւ հայ գաղութը պահելու դժուարութիւններուն մասին։