ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ

«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

 

Յիսուսի ծնողները ամէն տարի Զատիկի տօնին, Երուսաղէմ կ’երթային: Երբ Յիսուս տասնըերկու տարեկան եղաւ, անոնք Երուսաղէմ գացին, ինչպէս տօնին սովորութիւն էր երթալ: Տօնակատարութեան աւարտին, մինչ անոնք կը վերադառնային, Յիսուս մանուկը Երուսաղէմ մնաց: Իր ծնողները չանդրադարձան ասոր: Անոնք կը կարծէին թէ ուղեկիցներուն հետ է: Օրուան մը ճամբայ կտրելէ ետք, սկսան փնտռել Յիսուսը ազգականներու եւ ծանօթներու մօտ:

 

Երբ չգտան, կրկին Երուսաղէմ դարձան՝ հոն փնտռելու համար զինք: Երեք օր ետք զինք գտան տաճարին մէջ: Անիկա տաճարին ուսուցիչներուն հետ նստած՝ անոնց մտիկ կ’ընէր եւ հարցումներ կ’ուղղէր: Բոլոր անոնք որ իրեն մտիկ կ’ընէին, կը հիանային անոր իմաստութեան եւ տուած պատասխաններուն վրայ: Ծնողները երբ տեսան Յիսուսը, ապշած մնացին: Իր մայրը ըսաւ.– Այս ի՞նչ ըրիր մեզի, տղա՛ս. ահա հայրդ ու ես տակնու-վրայ եղած՝ քեզ կը փնտռէինք: Յիսուս ըսաւ անոնց.– Ինչո՞ւ զիս ուրիշ տեղ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ Հօրս տան մէջ պէտք է գտնուիմ: Սակայն ծնողները այս խօսքերուն իմաստը չհասկցան: Յետոյ Յիսուս ծնողներուն հետ միասին Նազարէթ գնաց, եւ հնազանդ մնաց անոնց: Իր մայրը այս բոլորը իրսիրտին մէջ կը պահէր: Յիսուս կը զարգանար իմաստութեամբ եւ մարմնով՝ Աստուծոյ եւ մարդոց սիրելի ըլլալով:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us