IMG_2878Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր Անդրանիկ Այցը Պարգեւեց
Ս. Յակոբ Ամէնօրեայ Ազգային Վարժարանի Աշակերտութեան

Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան` Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէին, իր անդրանիկ այցելութիւնը կատարեց Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի Երկրորդականի աշակերտութեան, որոնք յատուկ հանդիսութիւն մը պատրաստած էին Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին առիթով։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Վարժարանի մուտքին հիւրընկալուեցաւ Տիկին Լենա Գատեանին կողմէ՝ Ընդհանուր Տնօրէնուհի Վարժարանին, ուր աղ եւ հացի օրհնութիւնը կատարեց Սրբազան Հայրը։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Հայ դպրոցի կարեւորութեան ու անոր տեղը մեր գաղութէն ներս: Ուղղելով աշակերտներուն, ան թելադրեց ըսելով. «Նկատի ունենալով մեր մշակոյթի ու պատմութեան հարստութիւնը, մենք ամէնօրեայ դրութեամբ սորվելիք ունինք Հայ դպրոցէն ներս եւ դուք որպէս աշակերտներ, Հայ դպրոցէն ընկալածը պէտք է տարածէք ո’չ միայն ձեր անմիջական ընկերներուն, այլ մանաւանդ փոխանցեցէ’ք նաեւ օտարներուն»:

Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատելով դպրոցի Տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց սոյն մշակութային հանդիսութիւնը:

His Grace Bishop Meghrig Parikian visited Sourp Hagop Armenian School on the day of Friday, October 25, 2014, where Mrs. Lena Kadian, Principal, welcomed His Grace. At the entrance of the school, the traditional salt and bread blessing took place by the Prelate.

High School students honored Prelate Parikian by special sketches and dances, dedicated to the Holy Translators of the Armenian Church. The Armenian Church remembers the Feast of the Holy Translators in October.

IMG_2874 IMG_2873 IMG_2870