ԿԱՅԷՆ ԵՒ ԱԲԷԼ

Եւ Ադամ գիտցաւ իր Եւա կինը ու ան յղացաւ ու Կայէնը ծնաւ եւ ըսաւ. «Մարդ ստացայ Տիրոջմէն»։ Եւ դարձեալ անոր Աբէլ եղբայրը ծնաւ եւ Աբէլ ոչխարներու հովիւ եղաւ, բայց Կայէն երկիրը կը մշակէր։ Ժամանակ մը յետոյ Կայէն երկրի պտուղէն Տիրոջը ընծայ բերաւ։ Եւ Աբէլ ինք ալ ոչխարներուն անդրանիկներէն ու անոնց պարարտներէն բերաւ։ Տէրը Աբէլին ու անոր ընծային նայեցաւ, Բայց Կայէնին ու անոր ընծային չնայեցաւ։ Ուստի Կայէն խիստ բարկացաւ ու երեսը կախեց։ Եւ Տէրը Կայէնին ըսաւ. «Ինչո՞ւ բարկացար ու ինչո՞ւ երեսդ կախեցիր. Եթէ աղէկ ընես, ընդունելի չը՞լլար։ Եթէ աղէկ չընես, մեղքը դրանը քով պառկած է եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի ու դուն անոր պիտի իշխես»։

Կայէն իր Աբէլ եղբօրը հետ խօսեցաւ ու երբ անոնք դաշտն էին, Կայէն իր Աբէլ եղբօրը վրայ ելաւ ու սպաննեց զանիկա։ Տէրը Կայէնին ըսաւ. «Ո՞ւր է քու եղբայրդ Աբէլը»։ Անիկա ըսաւ. «Չեմ գիտեր, միթէ ես իմ եղբօրս պահապա՞նն եմ»։  Տէրը ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր, քու եղբօրդ արեան ձայնը գետնէն ինծի կը բողոքէ։ Դուն անիծեալ ես երկրէն, որ իր բերանը բացաւ եղբօրդ արիւնը քու ձեռքէդ ընդունելու։ Երբ երկիրը մշակես, այսուհետեւ իր արդիւնքը պիտի չտայ քեզի, երկրի մէջ աստանդական ու թափառական ըլլաս»։

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us