Այդ օրերուն, Օգոստոս կայսր հրամանագիր հանեց՝իր կայսրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող
բոլորբնակիչներուն մարդահամարը կատարելու: Այս առաջին մարդահամարը տեղի ունեցաւ Սուրիայի
կառավարիչ Կիրենիոսի օրերուն: Ամէն մարդ իր ծննդավայր քաղաքը կ’երթար՝ իր անունը արձանագրել
տալու համար: Յովսէփ, Դաւիթի ցեղէն եւ ազգատոհմէն ըլլալուն համար, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն
ելաւ եւ իր անունը արձանագրել տալու համար գնաց Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքը, Դաւիթ թագաւորին
ծննդավայրը: Իրեն կ’ընկերանար իր նշանածը՝ Մարիամ, որ յղի էր: Բեթլեհէմի մէջ Մարիամի
ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ ծնաւ իր անդրանիկ զաւակը, որ փաթթեց խանձարուրի մէջ եւ դրաւ
մսուրի մը մէջ, որովհետեւ պանդոկին մէջ իրենց համար տեղ չկար:
Այնտեղ, դաշտերուն մէջ հովիւներ կային, որոնք գիշերով իրենց հօտերուն պահակութիւն կ’ընէին:
Տիրոջհրեշտակը անոնց երեւցաւ եւ Տիրոջ փառքը լոյսի պէս անոնց վրայ ծագեցաւ: Հովիւները սաստիկ
վախցան. հրեշտակը ըսաւ անոնց.– Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ
ուրախութիւն պիտի պատճառէ: Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է:
Հետեւեալը ապացոյց ըլլայ ձեզի.- հոն մանուկ մը պիտի գտնէք՝ խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ
դրուած: Եւ յանկարծ այդ հրեշտակին միացաւ երկնաւոր զօրքերու բազմութիւն մը, որ կ’օրհնաբանէր
զԱստուած, ըսելով. «Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք,խաղաղութի՜ւն երկրի վրայեւ մարդոց միջեւ
հաճութիւն»: Հազիւ հրեշտակները երկինք բարձրացած, հովիւները իրարու ըսին.– Եկէք Բեթլեհէմ երթանք եւ
տեսնենք պատահածը, այն ինչ որ Տէրը մեզի յայտնեց: Անոնք աճապարանքով գացին եւ հոն գտան Մարիամն
ու Յովսէփը, ինչպէս նաեւ մանուկը՝ մսուրին մէջ դրուած: Այս տեսնելով անոնք Մարիամի եւ Յովսէփի
յայտնեցին ինչ որ հրեշտակը ըսած էր իրենց՝ մանուկին մասին: Բոլոր անոնք, որոնք կը լսէին հովիւներուն
պատմածը, կը զարմանային: Մարիամ բոլոր այս ըսուածները միտքը կը պահէր եւ անոնց վրայ կը խոկար: Իսկ
հովիւները վերադարձան, փառաբանելով եւ օրհնաբանելով զԱստուած՝ իրենց լսածին եւ տեսածին համար, որ
ճիշդ հրեշտակին պատմածին պէս էր:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us