Գանատայի Հայոց Թեմը, հաւատարիմ իր հայրենանուէր առաքելութեան ու կոչումին, Չորեքշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2020-ին, յատուկ պատուիրակութեամբ ժամանեց Երեւան, Հայաստան, մարդասիրական օժանդակութիւններ եւ կենցաղային իրեր բաժնելու համար տեղահանուած, նիւթական, բարոյական ու մարդկային տոյժեր կրած Արցախահայութեան, որոնք կեանքի այս հանգրուանին մնացին անպատսպար ու անհայրենիք։
Նշենք, որ սոյն օժանդակութիւնները կը տրամադրուին այն նուիրատուութիւններով, որոնք կատարուեցան Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր 2020 թուականին՝ Արցախեան պատերազմի դժբախտ օրերուն։
Պատուիրակութիւնը անձամբ սկսաւ բաժնել մարդասիրական օժանդակութիւնները տեղահանուած ընտանիքներուն եւ անհատներուն՝ ըստ միջազգային մարդասիրական ուղղեգիծի դրոյթներուն, առաջնահերթութիւնը տալով սնունդի եւ առողջապահական պիտոյքներու, իսկ կարգ մը պարագաներու տրամադրելով կանխիկ գումար։
Օժանդակութեանց բաշխման առաջին հանգրուանը եղաւ Կոտայքի մարզի Չարենցավան քաղաքի եւ շրջանի գիւղերուն մէջ։ Օժանդակութիւնները առձեռն յանձնուեցան տուժած ընտանիքներուն, թիւով 40 ընտանիք՝145 անհատ, այցելելով իւրաքանչիւրին բնակավայրը։
Սոյն մարդասիրական ծրագիրը կազմակերպուած է հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմին եւ համագործակցութեամբ Հայաստանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմնին եւ շրջանի կոմիտէներուն։
Այս օրերուն, տեղահանուած Արցախահայութիւնը կ՚ապրի անորոշ օրեր, մարդկային դժուար պայմաններու եւ կենցաղային անբացատրելի դրութեան մէջ։ Պատերազմը զանազան մակարդակի տառապանքներ պատճառած է խաղաղ ու օրապահիկը հազիւ վաստակող բնակիչներուն։
Յաջորդող օրերուն, օժանդակութիւններ պիտի բաժնուին նաեւ այլ մարզերու մէջ, որոնց տեղեկութիւնները կը փոխանցենք մեր նուիրատուներն ու հաւատացեալ ժողովուրդին։
Արցախահայութեան կարիքները անսահման են, հետեւաբար շարունակենք նուիրաբերել եւ մեր ներդրումով՝ աջակցինք այս վեհանձն առաքելութեան, որպէսզի գաղթական մեր հայրենակիցները յոյսով ու արժանապատւութեամբ ապրին։
ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ