Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2020-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ս. Գէորգ Զօրավարի տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առթիւ, Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Խորանին ծառայեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քհնյ. Գեադայեանը։
Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Պրն. Համբիկ Գարայեանը, Եկեղեցւոյ մօտ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Օրդ. Թալին Ապրաքեանը, ինչպէս նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխաններ, Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կազմը եւ գործակից միութիւններու ներկայացուցիչները։
Հոգեւոր Հովիւը՝ Տէր Յակոբ, յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանը, այնուհետեւ շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր Թեմակալ Առաջնորդ վերընտրութիւնը եւ ոյժ ու կորով մաղթեց անոր։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, օրուան տրամադրութեան համաձայն, իր պատգամին բնաբան ընտրած էր Քրիստոսի խօսքը՝ «Քաջալերուեցէ’ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհ. 16. 33): Ան վեր առնելով Քրիստոսի երկրային առաքելութիւնը, Իր ծնունդէն մինչեւ Գողգոթայ, նշեց, որ Քրիստոս իր խաչով ու յարութեամբ իրագործեց իր առաքելութիւնը՝ յաղթեց աշխարհին ու երկրի վրայ հիմնեց երկինքի թագաւորութիւնը։ «Նոյնպէս ալ հայ ժողովուրդը, իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին անցած է ու տակաւին կ’անցնի բազում գողգոթաներ, սակայն Քրիստոսի պատգամը կը մնայ նոյնը՝ «Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», շեշտեց ան: Այնուհետեւ, դատապարտեց ազերիական ոճրային յարձակումը Արցախի վրայ եւ նշեց, որ համայն հայութիւնը զօրավիգ է Արցախին եւ պաշտպան է մարդկային իրաւունքներու:
Անդրադառնալով Ս. Գէորգ զօրավարի նկարագրային գիծերուն ու առաքելութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ Ս. Գէորգ իր կեանքի ընթացքին եղաւ մաքրամաքուր ճգնաւոր մը, ուսուցանող ուսուցիչ, քրիստոնէութեան դէմ ծաւալած հալածանքներուն ժամանակ նահատակուեցաւ, որովհետեւ արդարութիւնը պաշտպանեց։ «Այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի կարիքը ունինք Ս. Գէորգ զօրավարի նման արդարութեան պաշտպաններու: Արցախեան պատերազմի կրակմարի համաձայնութենէն ետք, մինչեւ օրս տակաւին կը շարունակուի պատերազմական դրութիւնը՝ նոյն ձեւով ու ոճով, բայց մեր ժողովուրդը 1915 թուականէն ի վեր չյուսահատեցաւ եւ շարունակեց իր սարդարապատեան ու արցախեան ոգին, պահեց ու շարունակեց իր սուրբ երթը արեան գնով՝ յանուն արդարութեան։ Արցախի ու Հայաստանի մէջ մեր ժողովուրդը միասնական ոգիով դէմ կը դնէ թշնամիին։ Հետեւաբար, չընկրկինք ու չտկարանանք։ Պիտի ունենանք զոհեր որպէսզի պահպանենք մեր հողը։ Հայ Զինուորին կողքին պէտք է ըլլանք։ Սադրանքներու չենթարկուինք, այլ ցուցաբերենք մէկ կեցուածք», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը։
Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Հովիւը, Հոգաբարձութիւնը, Դպրաց դասը, Սարկաւագները, Տիկնանց Յանձնախումբը, Բանկալը, Հայ Կեդրոնէն ներս գործող բոլոր միութիւնները, որոնք միասնաբար կը գործեն որպէս մէկ ընտանիք։ Ան մաղթեց, որ Ս. Գէորգ Զօրավարը ներշնջման աղբիւր ըլլայ այսօրուան դժուար պայմաններուն մէջ, յաղթահարելու համար բոլոր դժուարութիւնները, եւ Սուրբին բարեխօսութիւնը հայցելով աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ հայ զինուորին, Հայոց բանակին ու Արցախ աշխարհի խաղաղութեան համար։
Նշենք, որ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, Շաբաթ, 26 Սեպտեմբերի երեկոյեան կատարեց հարիսայի օրհնութիւնը եւ Կիրակի, Սուրբ Պատարագէն ետք, օրհնեց մատաղը, զոր բաժնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին։