ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՔՆՆԵՑ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ
– ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՉԱՐԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՔԱՌԱՄԵԱԿԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
– ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՆՈՐ ԿԱԶՄԵՐԸ
Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2020-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանի, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներու եւ Ազգային Երերեսփոխաններու, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ գումարեց Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը:
Ժողովի բացման աղօթքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական ողջոյնի խօսքը: Վեհափառը իր Հայրապետական խօսքին մէջ կը շեշտէր, որ եկեղեցին իր էութեամբ ծառայութիւն է, եւ հետեւաբար, եկեղեցին ինքզինք կ’արժեւորէ ժողովուրդին մատուցած իր ծառայութեամբ, ինչպէս եղաւ կեանքն ու առաքելութիւնը Աստուծոյ Որդւոյն: Ապա, Հայրապետը գնահատանք կ’արձանագրէր Առաջնորդ Սրբազանին ու ժողովականութեան տարած աշխատանքներուն, կը շեշտէր հաւաքական աշխատանքին կարեւորութիւնը եւ յաջողութիւն կը մաղթէր այս ժողովի աշխատանքներուն։
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը անցաւ օրակարգերու գործադրման եւ ընտրեց իր Դիւանը, յանձինս՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանի (Ատենապետ) եւ Տիար Կարպիս Մէշէֆէճեանի (Ատենադպիր)։ Նստաշրջանի օրակարգերուն ընթացքին քննուեցան Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան եւ ընդհանրապէս Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւնն ու տեսլականը յառաջիկայ տարիներուն: Նստաշրջանի օրակարգերուն ընթացքին քննուեցան Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան եւ ընդհանրապէս Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւնն ու տեսլականը յառաջիկայ տարիներուն:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր խօսքը: Ողջունելէ ետք բոլոր ժողովականները, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան, Եկեղեցական Երեսփոխաններուն եւ Ազգային Երեսփոխաններուն, Թեմիս հոգեւորականաց դասին, Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, Գործակից Միութիւններու անդամներուն եւ Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան անփոխարինելի նպաստ բերող բոլոր բարերարներուն ու նուիրատուներուն, ապա, ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Թեմի աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց այն առաջադրանքները, որոնք կը կարօտին երախտաշատ ճիգերու աւելի եւս լարումի։
Յանուն Ազգային Վարչութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Համբիկ Գարայեանը: Ան առաջին հերթին, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, բարձր գնահատեց անոր ծառայութիւնը, ապա ողջունելով ներկաները՝ գնահատանքի արտայայտութիւններ ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան բոլոր աջակիցներուն:
Յաջորդող օրակարգերով, Ժողովը լսեց Արխիւային յանձնախումբի զեկոյցը, հաշուական տեղեկագիրն ու հաշուեքննիչ յանձնախումբին գնահատականը, ինչպէս նաեւ Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան զեկուցումները։ Ժողովականներուն ուղղած հարցումները գտան սպառիչ պատասխաններ։ Ժողովը կատարեց տարուած աշխատանքին ըստ էութեան քննարկումը եւ «Յոյժ Գնահատելի» բանաձեւը որդեգրեց Առաջնորդ Սրբազանին, զոյգ գործադիր մարմիններուն ու անոնց կողքին աշխատող բոլոր միաւորներուն մասին։
Ապա, ժողովը անցաւ Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան 2020-2021 տարեշրջանի կազմերու ընտրութեան եւ վերընտրութեան օրակարգին։ Կրօնական Ժողովի անդամ ընտրուեցան՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանն ու Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանը: Իսկ Ազգային Վարչութեան լրացուցիչ ընտրութենէն ետք, յառաջիկայ տարուան համար կազմը կը ներկայացնեն՝ Օրդ. Թալին Ապրագեան, Տիկին Արփի Աշքարեան, Պրն. Համբիկ Գարայեան, Պրն. Յակոբ Ճանպազեան, Պրն. Նազար Չաթալեան, Պրն. Նորայր Պէզճեան, Տիկին Աննա Պուլկարեան, Պրն. Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Տիկին Մարիա Քէօսէյեան:
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ Թեմակալ Առաջնորդի ընտրութիւնը։ Ժողովը ծանօթացաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ տրամադրուած եռանուն ցանկին եւ միաձայնութեամբ վերընտրեց Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը՝ պաշտօնավարութեան 2-րդ քառամեակի մը համար։
Նստաշրջանի փակման խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, գնահատեց դիւանին ու ժողովականներու աշխատանքը, վաստակը՝ շրջանաւարտ կազմերուն, շնորհաւորեց նոր ընտրեալ կազմերը, գոհունակութիւն արտայայտեց յանձնառու կեցուածքներուն համար, եւ յոյս ու վստահութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ քայլերը պիտի իրագործուին հաւատքով ու Աստուծոյ կամքով: Ան շեշտեց, որ Ազգային Առաջնորդարանը իր լայնածաւալ ծրագիրներով կը գործէ ու պիտի գործէ ի խնդիր համայնքներու հզօրացման եւ առ հասարակ մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար եւ ընդհանրական շահերու իրագործման հեռանկարով:
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով եւ բոլոր ժողովականներուն «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։