Հինգշաբթի, 23 Յուլիս 2020-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան այցելեց Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանի հետ: Ներկայ էր նաեւ Հիւպատոսը՝ Պրն. Արա Մկրտիչեանը:
Սիրալիր ու ջերմիկ Հանդիպումը սկսաւ ողջոյնի խօսքերու փոխանակումով, ապա շարունակուեցաւ մտերմիկ զրոյցով:
Հանդիպումը առիթ ընծայեց խորհրդակցելու գաղութս յուզող անմիջական հարցերու, կրթական ու հոգեմտաւոր աշխատանքներու առաւել զարգացման, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած ընդհանրական մարտահրաւէրներուն վրայ։
Զրոյցին հիմնական կիզակէտն էր հայ-ատրպէյճանական Հիւսիս-Արեւելեան սահմանամերձ գօտիին մօտ Ատրպէյճանի ծաւալած յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնն ու այժմու կացութիւնը, ինչպէս նաեւ պսակաձեւ ժահրի յարուցած խնդիրներն ու Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Առաջնորդ Սրբազանը իր մտահոգութիւնը յայտնելէ ետք դատապարտեց Ատրպէյճանի սադրիչ ու նենգ քաղաքականութիւնը, շեշտելով, որ Ազգային Առաջնորդարանը Հայաստանի ու Արցախի մէկ մասնիկն է Գանատայի մէջ, եւ կռուան ու զօրավիգ՝ Հայաստանի պետութեան ու ամբողջ հայութեան։ Ան, յանուն Գանատահայութեան, իր խորին վշտակցութիւնները յայտնեց դեսպանին՝ նահատակուած զինուորներուն համար եւ գնահատեց դեսպանատան ու Հայ Դատի գրասենեակներուն դիւանագիտական աշխատանքները յանուն Հայաստանի ու Արցախի պետութեանց բարօրութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան: Ան իր խօսքը շարունակելով շեշտեց, որ Ազգային Առաջնորդարանը տարիներէ ի վեր մարդասիրական ծրագիրներ կը մշակէ հայրենիքի մէջ, իսկ այսօր, առաւել եւս կարիքը ունինք միասնութեան՝յանուն հայրենիքի ու աշխարհասփիւռ հայութեան հզօրացման ու պայծառութեան, ապա, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի անվտանգ պահէ մեր անկախ հայրենիքը, հզօրացնէ մեր հողերուն ու սահմաններուն պաշտպանները՝ բանակն ու զինակից ազատամարտիկները, եւ մեր պետութեան ղեկավարներուն պարգեւէ իմաստութիւն ու կարողութիւն՝ մեր հայրենիքը առաջնորդելու եւ ամրակուռ պահելու համար:
Ի վերջոյ, Առաջնորդ Սրբազանը կարեւորութեամբ շեշտեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դարաւոր դերն ու նպաստը Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ, նշելով, որ մեր եկեղեցին անքակտելի մասնիկն է Ազգ-Հայրենիքին, Ազգային Պետականութեան, բանակին ու իւրաքանչիւր հայու, ուստի պէտք է պաշտպանել ու պահել զայն՝ չթերագնահատելով ու չնուաստացնելով Ազգային գերագոյն արժէքները:
Տիկին Դեսպանը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց սիրալիր այս հանդիպման համար եւ նշեց, որ Հայ Եկեղեցին սփիւռքի մէջ եղած է ու կը մնայ հայապահպանման ու հայակերտման օրրան, իսկ Գանատայի Հայոց Թեմը առհասարակ, ծանօթ է որպէս հայրենատրոփ գաղութ: Ան իր խօսքը եզրափակեց իր ամբողջական զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնելով Ազգային Առաջնորդարանին:
Նշենք, որ հրամանաւ եւ տնօրինութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, Այս Կիրակի, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան աղօթք պիտի բարձրացուի առ Աստուած, Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան համար զոհուած մեր բոլոր զինուորներուն եւ մանաւանդ, Գարուշ Համբարձումեանի, Սօս Էլբակեանի, Սմբատ Գաբրիէլեանի, Գրիշա Մատթէոսեանի ու Արթուր Մուրատեանի հոգւոց խաղաղութեան համար: