Ուրբաթ, 13 Մարտ 2020-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովը, իր գուամարծ հերթական նիստի ընթացքին, արծարծեց Թագաժահռի (COVID-19) երեւոյթը եւ նիստի աւարտին՝ «Հայր մեր»-ով եւ «Տէր Ողորմեա՛»ի երգեցողութեամբ, միացաւ Անթիլիասի Մայր Տաճարէն ներս Վեհափառ Հօր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, նոյն պահուն, տեղի ունեցող աղօթքին, յիշելով բոլոր հիւանդները եւ առողջութիւն աղերսելով բարձրեալէն։
«Յիշեա՛, Տէր, զժողովուրդս քու
եւ օրհնեա՛ զժառանգութիւնս քո։
Զլրումն եկեղեցւոյ քո՝ պահեա՛։»
Ամէն։