Կիրակի, 9 Փետրուար 2020-ին, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշան շնորհեց Հ.Մ.Ը.Մ. ի տասը սկաուտներու, որոնք մասնակցած էին Ազգային Առաջնորդարանիս դասընթացքներուն:

Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց թեկնածուները եւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշան շնորհեց անոնց, յորդորելով՝ կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւանդ հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյ, հայրենիքին ու ազգին: