Հիւրընկալութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրէութեանց Դեսպան Ֆահըտ Սաիտ Ալ Ռագպանիի, Երեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2019-ին, Օթաուայի Պատմութեան Թանգարանի «Grand Hall» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը՝ Արաբական Էմիրէութեանց անկախութեան 48-Ամեակին առթիւ:
Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ի շարս համայնքային, քաղաքական եւ զինուորական ներկայացուցչական դէմքերու, ներկայ գտնուեցաւ ընդունելութեան եւ յանուն մեր Թեմի զաւակներուն փոխանցեց իր բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորանքները:
Առաջնորդ Սրբազանի կ’ընկերանային Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանն ու Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Համբիկ Գարայեանը: