Հովանաւորութամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմիս Ազգային Վարչութեան, Շաբաթ 26 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտուն, Քինկսթընի մէջ տեղի ունեցաւ Թեմիս Ազգային Երեսփոխաններու եւ ծխական շրջաններու Հոգաբարձութեանց միօրեայ խորհրդաժողովը, առիթ ընձեռելով՝ անդրադառնալու ընդհանրական հարցերու եւ հպարտառիթ ձեռքբերումներու, միաժամանակ խորհրդակցելու Թեմիս մարտահրաւէրներուն ու ծրագիրներուն մասին եւ որոնելու աւելի արդիւնաւոր միջոցներ:
Ներկայ էին Կրօնական ժողովի, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներն ու Ս. Վարդան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ, Ս. Պօղոս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն ու հոգաբարձուները:
Խորհրդաժողովը, դասախօսութիւններու եւ զեկուցումներու կողքին, յագեցած էր զրոյց-ներկայացումներով, որոնց շարքին՝ ներածութիւն «Ս. Պատարագի», զոր ներկայացուց Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Գեադայեան, Զեկոյց՝ Քրիստոնէական եւ Երիտասարդական բաժանմունքներու մասին, զոր ներկայացուց Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն վարդապետ Քիւսպէկեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց «Գանատայի Հայոց Թեմի Կանոնագրութիւնը» նիւթը, որ ունէր երկու ենթաբաժանումներ. առաջին՝ «Հոգաբարձութիւն եւ Երեսփոխան փոխ-յարաբերութիւն եւ գործունէութիւն», երկրորդ՝ «Պարտականութիւններ եւ պարտաւորութիւններ»:
Եզրափակիչ իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով անդրադարձաւ Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի, Ազգային Վարչութեան անդամներուն ու ծխական շրջաններու հոգեւոր հովիւներու եւ հոգաբարձութեանց նուիրեալ ծառայութիւններուն, շեշտելով, որ որ գործող մարմինի մը եւ կառոյցի մը գոյութեան արժէք տուողը գործն է, որովհետեւ մարմին մը կամ վարչութիւն մը կ’արժեւորուի գործնական ծառայութեամբ, աշխատանքը վերակազմակերպելու եւ վերանորոգելու յանձնառութեամբ, ճշդելով առաջնահերթութիւնները։
Հանդիպումը վերջ գտաւ «Պահպանիչ»ով եւ օրհնութեան աղօթքով: