Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, «Le Chateau Royal» հիւրասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի 72-րդ Պատգամաւորական Ժողովի պաշտօնական ճաշկերոյթը:

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ՀՕՄ-ի հայրենանպաստ աշխատանքները,

գնահատեց անոնց տարբեր կալուածներուն մէջ կատարած իրագործումները եւ յաջողութիւն եւ անսպառ կորով մաղթեց՝ այն վստահութեամբ, որ մեր ժողովուրդը անվերապահօրէն օգնութեան ձեռք կ’երկարէ ՀՕՄի բոլոր աշխատանքներուն ու նեցուկ կը կանգնի անոնց:

Իսկ Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտուն, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի 72-րդ Պատգամաւորական Ժողովի պաշտօնական բացումը: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան, եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքերը: