Կազմակերպութեամբ «Սառա Քորնինկ» հիմնարկին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի, համագործակցութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին,  Շաբաթ, 14 Սեմպտեմբեր 2019-ի կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, Գանատայի Եարմութ քաղաքի պատմութեան թանգարանի շրջափակին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Քորնինկի արձանին: Յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին, սոյն հանդիսութեան մասնակցեցաւ Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան:           Հայր Սուրբը օրհնեց յուշարձանը եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորական եւ գնահատանքի խօսքը: