Ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին, Թեմիս վարժարանները ունեցան իրենց ամավերջի եւ վկայականաց բաշխման հանդէսներ, հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը անձամբ կամ ներկայացուցիչներով իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն:
Կիրակի, 9 Յունիս 2019-ին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ գտնուեցաւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ «Վ. Եւ Ա. Սարաֆեան» նախակրթարանի ամավերջի հանդէսին, Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին՝ ներկայ գտնուեցաւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Լափոյեան» երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսին, իսկ Կիրակի, 16 Յունիս 2019-ին՝ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ «Բաստրմաճեան» երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսին:
Շրջանաւարտներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց դպրոցի տնօրէնութիւնը, կրթական մշակներն ու ծնողները, ի տես շրջանաւարտներուն, որոնք հպարտութիւն կ’առթեն համայնքին եւ յորդորեց շրջանաւարտները շարունակելու իրենց ձգտումը լաւագոյնին, ըլլալու օրինակելի անհատներ, իբրեւ արժանաւոր հայեր՝ բարձր պահելու մեր արժէքները, եւ ի վերջոյ կառչած մնալու իրենց համայնքին։
Հանդէսները աւարտին հասան «Պահպանիչ» աղօթքով։
Նշենք, որ Ազգային Առաջնորդարանը հայոց լեզուի գերազանցիկ շրջանաւարտներուն կը շնորհէ «Հայեցի Դաստիարակութեան» մրցանակ։