«ԻՆՉՊԷՍ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐՈՒՆ,
ԱՅՍՕՐ ԱՌԱՒԵԼ ԵՒՍ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻՆՔ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ՝
ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՈՒ ԱՇԽԱՐՀԱՍՓԻՒՌ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՈՒ ՊԱՅԾԱՌՈՒԹԵԱՆ»
ՇԵՇՏԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 101րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին, Ս. Պատարագի ընթացքին Հանրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նախագահեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան նըրկայացուցիչներ, Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, գործակից միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ, որոնք եկած էին վերանորոգելու Հայրենիքի հանդէպ հաւատարմութեան իրենց ուխտը։
Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւնը սկսաւ Ս. Խաչի եւ Դրօշի թափօրով: Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներ հայկական Եռագոյնը բերին Ս. Խորան, որուն հետեւեցան աղօթքներ, շարականներ եւ Ս. Գրային ընթերցումներ, ապա, աղօթք բարձրացուեցաւ ի խնդիր մեր հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց Եռագոյն Դրօշը եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ մեր ազգի յառաջդիմութեան համար։
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադիրներուն եւ անկախութեան ճանապարհին ինկած բոլոր նուիրեալներուն հոգիներու խաղաղութեան համար:
Արարողութիւններէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանն ու ներկաները ուղղուեցան Եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր հաւաքուած էին Հ.Մ.Ը.Մ-ի Մոնթրէալի ու Լաւալի մասնաճիւղերու սկաուտներն ու շեփորախումբը: Ներկայ էին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական ու Շրջանային վարչութեանց անդամներ:
Ողջոյնի խօսքերէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրուեցաւ ուղղելու իր պատգամը:
Առաջնորդ Սրբազանը անկախութեան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց ներկաներուն, անդրադառնալով Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան ստեղծման պայմաններուն, Սարդարապատով ու զուգահեռ ճակատամարտներով շահուած անկախութեան եւ յաջորդ սերունդներուն իբրեւ աւանդ հասած անժամանցելի արժէքներուն: Ան նշեց, որ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան ծնունդը՝ 28 Մայիս 1918-ը ձեռք բերուեցաւ երկունքով ու անհաւասար պայքարի մէջ շահուած յաղթանակներով, որ պայմանաւորուած էր հայ ժողովուրդի ու ղեկավարութեան միասնութեամբ ու միացեալ ճիգերու պրկումով, եւ «ինչպէս Անդրանիկ Հանրապետութեան օրերուն, այսօր առաւել եւս կարիքը ունինք միասնութեան՝յանուն հայրենիքի ու աշխարհասփիւռ հայութեան հզօրացման ու պայծառութեան», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած, որպէսզի անվտանգ պահէ մեր անկախ հայրենիքը, հզօրացնէ մեր հողերուն ու սահմաններուն պաշտպանները՝ բանակն ու զինակից ազատամարտիկները, եւ մեր պետութեան ղեկավարներուն պարգեւէ իմաստութիւն ու կարողութիւն՝ մեր հայրենիքը առաջնորդելու եւ ամրակուռ պահելու համար:
Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններն ու բոլոր սկաուտները եւ իր խօսքը եզրափակեց օրհնելով բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներն ու համակիրները, մաղթելով որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը ընդմիշտ ծածանի հայութեան կեանքին մէջ, առաջնորդելով մարդակերտումի ու հայակերտումի ազնիւ առաքելութիւնը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ