Հանդիսապետութեամբ ու ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Կիրակի, 28 Ապրիլ 2019-ին, Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեան մատուցանեց ողջերթի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:
Նշենք, որ Հայր Վարդան մէկ ու կէս տարիներու անխոնջ ծառայութենէն ետք, ի մօտոյ կ’ուղղուի ծառայական նոր շրջան, նոր անդաստաններու մէջ հովուելու Քրիստոսի հոգեւոր հօտը:
Իր հոգեւոր պատգամի աւարտին, Հայր Վարդան առաջին հերթին երախտագիտութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, այնուհետեւ, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր տածած հայրական գուրգուրանքին համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր եկեղեցանուէր գործակիցներուն: