Տարիներու վրայ երկարող գեղեցիկ աւանդութեամբ մը, Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Մեծն Մոնթրէալի եկեղեցիներուն հոգեւոր եւ աշխարհական ծառայողները, ազգային բարերարներն ու Առաջնորդարանին բարեկամները, Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, «Le Crystal» ճաշարանին մէջ ի մի խմբուեցան Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի հրաւէրով, ուր հարազատ մթնոլորտի մէջ բոլորեցին «Առաջնորդի Ընթրիք»ը՝ ի նպաստ Ազգային Առաջնորդարանին:
Աւանդական ընթրիքի երեկոն կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը ու Տիկին Շաքէ Կէօնճեանի նախագահութիւնը, եւ կազմակերպուած էր Առաջնորդարանիս Քէպէգի Կանանց Խորհուրդին կողմէ:
Ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, հոգեւորականաց դասու Կրօնական ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Պատգամաւորներ, Ազգային Երեսփոխաններ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Շքանշանակիրներ, Գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող բարերարներ, բարեկամներ եւ ազգայիններ:
Երեկոն սկսաւ բարի գալուստի խօսքով, զոր արտասանեց օրուան հանդիսավարը՝ Օրդ. Նորա Արուշեան:
Յանուն Ազգային Վարչութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թէրզեան: Ան ողջունեց ներկաները, գոհութիւն յայտնեց այս գեղեցիկ երեկոյթին համար ու շնորհակալութիւն՝ ներկաներուն մասնակցութեան ու քաջալերանքին համար եւ նշեց, որ Ազգային Առաջնորդարանը ապագայատեսիլ ձգտումով կը ծառայէ եկեղեցւոյ ու ազգին, եւ այդ բոլորը տեղի կ’ունենայ համայնական աշխատանքով ու ջանքերով, ուստի հաւաքական յանձնառութեամբ պէտք է շարունակել աշխատանքները, փարատելու համար բոլոր տեսակի դժուարութիւններն ու խոչընդոտները:
Առաջնորդ Սրբազան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:
Երեկոյթի ընթացքին, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Առաջնորդարանի անցնող մէկ տարուան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսաերիզ մը: Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալագրեր փոխանցեց Պրն. Զաւէն Չոգագլեանին, Տիկին Թալին Պօղոսեանին եւ Օրիորդ Սօսի Ապոյեանին, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին մէջ իրենց բազմամեայ նուիրական ծառայութեան համար։ Իսկ Պրն. եւ Սերոբ Գարայեանին, Ազգային Առաջնորդարանի Տեղեկագիտութեան ծիրէն ներս իր բերած բազմամեայ նուիրական ծառայութեան համար։
Ցուցադրուեցաւ նաեւ Հայաստանի Սահմանամերձ Վահան գիւղին մէջ, 16 Սեպտեմբեր 2018-ին տեղի ունեցած մանկական խաղահրապարակի բացման հանդիսաւոր արարողութեան տեսաերիզը: Գեղարաքունիքի մարզպետ Պրն. Իշխան Սաղաթելեանի խնդրանքով, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալագիր մը յանձնեց խաղահրապարակի բարերարին՝ Տիար Մանուկ Չուխաճեանին:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ազգային Առաջնորդարանի «Ս. Յովհան Մանդակունի» շքանշանով պարգեւատրեց Տիկին Տիրուկ Մնակեան-Մանճիկեանը, իր բազմամեայ ազգային, կրթական, մշակութային, մամուլի, բարեսիրական, ընկերային եւ եկեղեցական ծառայութեանց համար:
Փակման եւ Օրհնութեան խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, ապա, գնահատանքով արտայայտուեցաւ կանանց խորհուրդին ու այս երեկոյթին յաջողութեան անփոխարինելի նպաստ բերող բոլոր նուիրատուներուն, նուիրատուներուն եւ ներկաներուն մասին, որոնք եկած էն զօրավիգ ու քաջալեր հանդիսանալու Ազգային Առաջնորդարանին ու անոր ազգօգուտ ծրագիրներուն:
Անդրադառնալով արդիականացման կարեւորութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր փոփոխութիւններու ընթացքը շատ արագ է։ Ինչ որ երէկուան կը պատկանէր այսօր արդէն անցեալ է, ինչ որ նոր կը նկատենք, արդէն իսկ կը դառնայ հին։ «Փոփոխութեան այս արագընթաց շարժումը մեր շուրջ, յաճախ մեզ հոսանքն ի վար կը քշէ, որուն մէջ մարդը կը կորսնցնէ իր կամքը, որոշելու կարողութիւնը, եւ ընտրելու ուժը։ Այստե՛ղ է այսօրուայ մարդուն ողբերգական վիճակը», շեշտեց ան եւ յիշեցուց, որ վերանորոգման կարիքը ունի նաեւ մեր համայնական կեանքը։ Լաւէն լաւագոյնին ձգտելու, ներկայ պայմաններուն յարաբերաբար մեր կեանքը, մեր անձը, մեր գործը վերաքննելու եւ նոր կարելիութիւններով հարստացնելու է, նոր մարտահրաւէրներու յարաբերաբար նոր մօտեցումներ որդեգրելու եւ նոր իրագործումներու ի խնդիր նոր միջոցներ որոնելու համար։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայացուց Ազգային Առաջնորդարանի յառաջիկայ ծրագիրները, եւ նշեց, որ բոլորը աշխատանքները կրնանք իրագործել եթէ կը վստահինք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին։
Ընթրիքը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով: