ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՄԱՐԶՊԵՏ ՍԱՂԱԹԵԼԵԱՆԻՆ ՀԵՏ
Շաբաթ, 15 Սեպտեմբերին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Երեւանի մէջ հանդիպեցաւ Գեղարաքունիքի մարզպետ՝ Պրն. Իշխան Սաղաթելեանին հետ։Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիկին Ծովիկ Թերզեանը։
Հանդիպման ընթացքին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս նախ շնորհաւորեց Պրն. Մարզպետը իր ընտրութեան առիթով ու ապա անոնք արծարծեցին հայրենի մեր ժողովուրդին ու յատկապէս սահմանամերձ շրջաններու զարգացման եւ բարօր կեանքի ապահովման մասին։
Կիրակի, 16 Սեպտեմբերին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս պաշտօնական բացումը պիտի կատարէ, Գեղարքունիքի Վահան գիւղի խաղահրապարակին, կէսօրուան ժամը 1-ին։
Խաղահրապարակի հովանաւորն է՝ Մոնթրէալաբնակ Պրն. Մանուկ Չուխաճեանը։´
[vc_row][vc_column width=’1/2′][/vc_column][vc_column width=’1/2′][/vc_column][/vc_row]