ԼՈՒՐԵՐ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԷՆ
ՕԳՈՍՏՈՍ 9, 2014_ Գանատայի Հայոց Թեմին Ազգային Վարչութեան ատենապետ, պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան եւ փոխ-ատենապետ՝ պրն. Յարութ Գասապեան, մասնակցեցան Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Մարմնի Քեպէքի եւ Օնթարիոյ յանձնախումբերու միացեալ ժողովին, Քինկսթընի մէջ։
ՕԳՈՍՏՈՍ 17, 2014_ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպկ. Բարիքեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին առիթով, Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
ՕԳՈՍՏՈՍ 18, 2014_ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հանդիպեցաւ Թորոնթոյի Անկլիգան Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Արքեպիսկոպոս Քոլին Ճանսընին հետ։ Հանդիպման ընթացքին, Մեղրիկ Եպիսկոպոս շեշտեց Միջին Արեւելքի դժուարութիւններուն, յատկապէս Սուրիոյ, Իրաքի, Պաղեստինի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի քաղաքական կացութեան մասին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առնչութեամբ:
ՕԳՈՍՏՈՍ 22, 2014_ Գանատայի Ուքրանական համայնքներու նախաձեռնութեամբ, Օգոստոս 22, 2014ին առաւօտեան ժամը 11-ին, Գանատայի ամբողջ տարածքին նշուեցաւ հարիւրամեակը Ա. Աշխարհամարտին Գանատայի մէջ առաջացուած աքսորի ճամբարներուն։ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան, ներկայ գտնուեցաւ Պրամբթըն քաղաք, ուր ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ փոխանցեց օրուան պատշաճ Անոր խօսքն ու աղօթքը։
ՕԳՈՍՏՈՍ 24, 2014_ Միջին-արեւելեան եկեղեցիներու կազմակերպու-թեամբ տեղի ունեցած արարողութեան եւ հսկումին, յանուն Գանատայի Հայոց Թեմին, իրենց մասնակցութիւնները բերին, Արժանապատիւ Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեան, Բարեշնորհ Յակոբ Աւ. Սարկաւագ Գասպարեան եւ Ազգային Վարչութեան Ատենադպիր պրն. Յակոբ Պուլկարեան։
ՕԳՈՍՏՈՍ 25, 2014_ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաւօտեան ընդունեց Canadian Centre for Eccumenism հաստատութեան վարիչ տնօրէնուհին։ Հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ծիրէն ներս կազմակերպչական հարցեր եւ փոխ-յարաբերութիւններ։
ՕԳՈՍՏՈՍ 25, 2014_ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը երեկոյեան ընդունեց Քեպէքի Սուրիահայ Օժանդակութեան Միացեալ Յանձնախումբը։ Սրբազան Հայրը խոստացաւ իր կարելիութեան սահմանին մէջ օգտակար հանդիսանալ յանձնախումբի հրատապ ծրագիրներուն։
ՕԳՈՍՏՈՍ 26, 2014_ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընդունեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբը։
ՕԳՈՍՏՈՍ 31, 2014_ Հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Քրիստոնէական եւ Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդները կազմակերպած էին միօրեայ սեմինար Առաջնորդարանէն ներս, նուիրուած՝ Կիրակնօրեայ, Շաբաթօրեայ եւ Ամէնօրեայ վարժարաններու դաստիարակներուն։ Օրուան գլխաւոր դասախօսն էր՝ տոքթ. Կարինէ Զոհրապեան, որուն նիւթն էր՝ «Ի՞նչպէս զարգացնել հայկական դպրոց չյաճախող մանուկներուն ինքնութիւնը եւ խթանել զանոնք հայերէն սորվելու»։ Կէսօրուան դադարէն անմիջապէս ետք, տեղի ունեցաւ երկու աշխատանոցներ՝ Կիրակնօրեայի եւ Շաբաթօրեայի բնագաւառներէն ներս, տիկին Սոնիա Քիլէճեան Աճէմեանի եւ տիկին Սալբի Լատոյեանի գլխաւորութեամբ։
ՕԳՈՍՏՈՍ 31, 2014_ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատուցեց իր Անդրանիկ Պատարագը Ուինիփէկի Ս. Վարդան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքին մէջ։