ARM_2883On Sunday, July 6, 2014, His Grace Bishop Meghrig Parikian, Prelate, delivered Divine Liturgy at St. Kevork Armenian Apostolic Church, in Laval.

Before the church service, His Grace met with Dr. Andrew Bennett, the Ambassador of the Office of Religious Freedom. The Honourable Ambassador’s presence at the Divine Liturgy was a joyful and a memorable day for the Armenian Community.

Dr. Bennett has been appointed as the Ambassador of the Office of Religious Freedom by the Prime Minister of Canada, the honorable Stephen Harper, on February 19, 2013.

Dr. Bennett is also a religious leader in his capacity as sub-deacon and cantor with both Holy Cross Eastern Catholic Chaplaincy and St. John the Baptist Ukrainian-Catholic Shrine, both in Ottawa.

ARM_2869Present at the meeting were Very Rev. Father Vartan Tashdjian, member of the Armenian Prelacy of Canada Religious Council and the representative of the Armenian Religious Education Council, Mr. Krikor Der Ghazarian, chairperson of the Armenian Prelacy of Canada Executive Council, Mr. Raffi Donabedian, chairperson of the Armenian National Committee of Canada, Mr. Hagop Arevian, chairperson of the St. Kevork Armenian Apostolic Church Board of Trustees and Mr. Zareh Dervishian, chairperson of the Armenian National Committee of Laval.

Dr. Bennett took part at the Divine Liturgy where Prelate Parikian celebrated mass in St. Kevork Armenian Apostolic Church.

Photo credit: Armen Alemian

 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիպեցաւ Տոքթ. Պէնէթին հետ
ARM_2955 ARM_2951 ARM_2895 ARM_2890ARM_2940 6 Յուլիս 2014-ին, Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, հանդիպեցաւ Գանատայի Կրօններու ARM_2932Ազատութեան Գրասենեակի Դեսպան, Տոքթ. Անտրու Պէնէթին հետ, Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս:
Հանդիպումը նախաձեռնուած էր Դեսպանին կողմէ, որ եկած էր այցելելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Գանատայի Հայոց Թեմին Առաջնորդ ընտրուելուն առիթով:
Հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան կրօններու հետ կապուած դժուարութիւնները, յատկապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած նորօրեայ ճգնաժամը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն մասին, ինչպէս նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Գանատայի Կրօններու Ազատութեան Գրասենեակի միջեւ շարք մը ծրագիրներու գծով համագործակցութեան մասին:
Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց Դեսպանը Անթիլիասի Մայրավանք, պաշտօնական այցելութեամբ ծանօթանալու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի Գահակալ Կաթողիկոսը կը հանդիսանայ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան գլխաւոր ջատագովը:
Հանդիպման ներկայ էին Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան, անդամ Կրօնական Ժողովին եւ ներկայացուցիչ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան, ատենապետ՝ Ազգային Վարչութեան, պրն. Րաֆֆի Տօնապետեան, ատենապետ՝ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի, պրն. Յակոբ Արեւեան, ատենապետ՝ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ պրն. Զարեհ Տէրվիշեան, ներկայացուցիչ՝ ՀՅԴ Սարգիս Զէյթլեան կոմիտէի:
Պաշտօնական հանդիպումէն ետք, Դեսպան, Պէնէթ իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, արարողութեան ընթացքին ընթերցումներ կատարելով Սուրբ Գիրքէն։

ԴՒԻԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

no images were found