Գերապատիւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան
կը նշանակուի
Առաջնորդական Փոխանորդ

portraitԲարձր տնօրինութեամբ, Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ Ազգային Վարչութեան խառն ժողովին, Գերապատիւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան կը նշանակուի Առաջնորդական Փոխանորդ, Գանատայի Հայոց Թեմին:

Հայր Մեղրիկ Վարդապետի Գանատայի մէջ ծառայութիւնը սկսած է 19 Դեկտեմբեր 2002-ին, որպէս Հոգեւոր Հովիւ՝ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ: 2010-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր որոշումով, ան նշանակուած է Օնթարիոյ Նահանգի Հոգեւոր Տեսուչ եւ միաժամանակ կը վարէ Թեմիս Կրօնական Ժողովի ատենապետութիւնը:

Հայր Սուրբը իր Աստուածատուր շնորհներով ձեռներեցութեամբ վարած է իրեն վստահուած առաքելութիւնը եւ ծառայական իր այս նոր հանգրուանին կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ:

ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ