ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՐԱՆԻ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Նախագահութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ կազմակերպութեամբ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Շաբաթ, Նոյեմբեր 9, 2013-ին, տեղի ունեցաւ տարեկան Դպրաց Դասերու համագումարը, Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ եւ մասնակցութեամբ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն։

Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի ,Փոստաճեան Սրահեին մէջ հաւաքուած աւելի քան 50 դպիր ու դպրուհիներ, ըմբոշխնեցին եւ ընկալեցին Հոգեշնորհ Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանին բանախօսութիւնները՝ միաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Հայր Թորգոմ Վարդապետ՝ խմբավարն է Մայրավանքի ,Շնորհալիե երգչախումբին եւ միաժամանակ կը վարէ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի փոխ-տեսուչի պաշտօնը։

Համագումարի նիւթն էր ,Դպիրներուն  եւ սարկաւագներուն տրուած ծառայական իրաւունքներըե։ Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան, Համադրիչ Թեմիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի աշխատանքներուն, աղօթքով պաշտօնական բացումը կատարեց օրուան օրակարգին, որմէ անմիջապէս ետք Հայր Թորգոմ Վարդապետ ներկայացուց ,Դպիրներուն  եւ սարկաւագներուն տրուած ծառայական իրաւունքները՝ ձեռնադրութեան խորհուրդին ընդմէջէնե, ,Դպիրներու եւ սարկաւագներու զգեստները եւ գործածած սպասերն ու անոնց խորհրդանշանական իմաստներըե, ,Ի՞նչ կը նշանակէ շարական՝ երգե՞լ թէ աղօթելե եւ կատարեց ձայնամարզական ուսուցում եւ վերաքաղ շարականներու։

Համագումարի մասնակիցները հետաքրքրութեամբ եւ լիացած հետեւեցան օրուան դասախօսութիւններուն եւ ձայնամարզումին, որոնք հոգեպարար եւ հաղորդական ոճով ներկայացուց դասախօս վարդապետը։

Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2013-ին, Հոգեշնորհ Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ քարոզեց Գէմպրիճի հայ գաղութին։ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին դպրաց դասերու բոլոր մասնակիցները, որոնք ներկայ էին սոյն շաբաթավերջի համագումարին։