Այսօր, մեր պայքարը բազմաբնոյթ է։

 

Պայքար՝ մեր լեզուին համար, որ մեր հոգիին կանչն է։

 

Պայքար՝ մեր մշակոյթին համար, որ մեր ինքնութեան դրոշմն է։

 

Պայքար՝ մեր ազգային եւ եկեղեցական՝ հոգեմտաւոր արժէքներուն համար, որոնք մեզ կը պահեն որպէսազգ։

 

Եւ պայքար՝ մեր հայրենիքին, հողին եւ արժանապատուութեան համար, ոչ միայն այն ինչ որ ունինքայսօր, այլ նաեւ այն՝ ինչ որ մեր տեսլականն է՝ ազատ, անկախ եւ ամբողջական հայսաստան։

 

Ազգեր իրենց արդար իրաւունքներուն կը տիրանան այն ատեն, երբ իրենց կեանքը կը վերածենյարատեւ, գիտակից եւ աննահանջ պայքարի։

 

Մի երկնչիր հօտ փոքրիկ, մի երկնչիր… բայց միայն հաւատա՛…ար­դա­րու­թիւնն է յաղ­թե­լու։

Փա՜ռք մեր քաջարի հերոսներին։ Փա՜ռք մեր նահատակներին։

 

Աղօթարար՝

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի