Երեքշաբթի, 6 Յունուար 2026-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելականեկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով նշուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին ՅիսուսՔրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։
Սուրբ Պատարագը մատուցեց եւ տօնին առիթով քարոզեց Գանատայի Հայոց Թեմի ԱռաջնորդԳերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան։
Սուրբ խորանին սպասարկեցինւեկեղեցւոյ հոգեւոր Հայրերը՝ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանն ու Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Քհնյ. Միքայէլեանը։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Ազգային Առաջնորդարանի ՔրիստոնէականԴաստիարակութեան Վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝տիկին Ծովիկ Թէրզեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներ եւերեսփոխաններ։
Ներկայ էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի հոգեւոր հովիւ` Տ. Հայկ Քահանայ Շահինեան եւ քաղաքականդէմքեր՝ նախարար Սթիվըն Լեչչէ, երեսփոխաններ Արիս Պապիկեան եւ Ճոնաթըն Ցաօ։
Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ սրբալոյս միւռոնով Ջրօրհնէքի արարողութիւնը՝ իյիշատակ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Մկրտութեան։
Ջրօրհնէքի արարողութեան աւարտին քաղաքական ներկայացուցիչները իրենց սրտի խօսքերըփոխանցեցին եւ շնորհաւորեցին Հայ Համայնքը Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնինառիթով։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

