Ս. ԽԱՉԻ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ 28-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԸ ՈՒԻՆԻՓԷԿԻ «Ս. ՎԱՐԴԱՆ» ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԵՏ

Հովանաւորութեամբ եւ տնօրինումով Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին, 20-22 Սեպտեմբեր 2019-ին, Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան այցելեց Ուինիփէկ, տեղւոյն «Ս. Վարդան» Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքին հետ տօնախմբելու Ս. Խաչի Վերացման յիշատակումն ու Հայաստանի Վերանկախացման 28-րդ ամեակը։

Արդարեւ, Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համայնքի ընդհանուր ժողովը եւ ընտրուեցաւ համայնքի հոգաբարձական նոր կազմը, որուն յաջորդեց Հայաստանի Վերանկախացման տօնի առիթով պատրաստուած երեկոյթը։

Իսկ Կիրակի, 22 Սեպտեմբերին, Ս. Պատարագի ընթացքին, տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք, Եռագոյն Դրօշի օրհնութիւն եւ Ս. Խաչի Վերացման տօնի յիշատակում։

Իր քարոզին մէջ, Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբը Ուինիփէկի համայնքին փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները, եւ ապա վեր առաւ Ս. Խաչի Վերացման ու Հայաստանի Վերանկախացման տօներու պատմական նշանակութիւնն ու անոնցմէ բխող խորհուրդը։

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ապա, նորածին հայ մանուկի մը միւռոնադրոշմ մկրտութիւնը։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us