Կիրակի, 28 Յունուար 2024-ին, Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին եւ համագործակցութեամբ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքդլական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին ու Կիրակնօրեայ Դպրոցին, տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրային միօրեայ ճամբար, Լաւալի համայնքի երեխաներուն համար։

 

Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան կատարեց ճամբարի բացումը եւ բարի գալուստի իր խօսքին մէջ ներկայացուց օրուան աշխատանքներու ծրագիրը, որ նուիրուած էր «Ինչպէս երկինքի մէջ, նոյնպէս երկրի վրայ» թեմային։

 

Հայր Սուրբը անդրադարձաւ՝ Աստուծոյ տիեզերքի ստեղծագործումին, Անոր կամքը մեր կեանքին մէջ եւ Տէրունական աղօթքէն բղխող պատգամներուն մասին։

 

Սուրբ Գրային միօրեայ ճամբարի նպատակն է, քրիստոնեայ հայ երեխաներն ու պատանի-պարմանուհիները համախմբել, որպէսզի քրիստոնէական հաւատքով զօրանան, ձեռային աշխատանքներով կրօնական իրենց գիտելիքնրը զարգացնեն եւ քրիստոնէական առաքինութիւններով լիցքաւորուին։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ