Ս. ԳՐԱՅԻՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ՃԱՄԲԱՐԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ

Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2023-ին, Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրային միօրեայ ճամբար, Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համայնքի երեխաներուն համար։

Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան կատարեց ճամբարի բացումը եւ բարի գալուստի իր խօսքին մէջ ներկայացուց օրուան ծրագիրը, որ նուիրուած էր «Ինչպէս երկինքի մէջ, նոյնպէս երկրի վրայ» թեմային։ Ան անդրադարձաւ՝ Աստուծոյ տիեզերքի ստեղծագործումին, Անոր կամքը մեր կեանքին մէջ եւ Տէրունական աղօթքէն բղխող պատգամներուն։ Երեխաները առիթը ունեցան լսելու Հոգեբան Տիկին Նորա Շիթիլեանին, որ խօսեցաւ երեխաներուն բարութեան եւ ազնուութեան մասին։

Այս առթիւ, մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեանին եւ կամաւորներ՝ Տիկնայք Արշօ Զարիֆեանին, Անի Միսաքեանին եւ Շողիկ Փամփալեանին։

Երախտագիտութեան մեր ջերմ զգացումները կը յայտնենք նաեւ արուեստագէտ Տիկին Սիլվա Խաչերեանին, որ մասնակիցները ազնիւօրէն առաջնորդեց յայտագրի արուեստի ձեռային բոլոր աշխատնքներուն։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us