Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

«Ս. Աստուածածնայ կեանքը եղած է ու պիտի ըլլայ բարի պատգամ մը բոլոր քրիստոնեաներուն, բայց մանաւանդ մեր մայրերուն»

               

Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը

               

                Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Տիրամօր՝ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տաղաւար տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նաւակատիքին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եղաւ Թորոնթոյի հայ համայնքին հետ, հանդիսապետեց եկեղեցական արարողութեանց եւ Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցեց, Կիրակի, 16 Օգոստոս 2020-ին:

            Շաբաթ, 15 Օգոստոսի առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազանը, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւներուն՝ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեանին ու Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանին, կատարեց աղօրհնէք, իսկ երեկոյեան՝ Կիրակմուտքի ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցաւ Նախատօնակ: Աղօրհնէքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ Վերափոխման տօնին խորհուրդը, անդրադարձաւ  Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի սրբանուէր վարքին եւ առաքինութեան, նշելով, որ Ս. Աստուածածնայ կեանքը եղած է ու պիտի ըլլայ բարի պատգամ մը բոլոր քրիստոնեաներուն, բայց մանաւանդ մեր մայրերուն:

            Կիրակի առաւօտեան, Ս.  Պատարագը սկսաւ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ: Պատարագիչն էր Առաջնորդը՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը: Ս. Խորանին սպասարկեցին Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեանն ու  Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանը: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Պրն Յակոբ Ճանպազեանն ու Տիկին Օսիկ Մխսիարթինեանը, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան անդամներ: Նկատի ունենալով թագաժահրի յարուցած խնդիրները, երբեմնի հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը սահմանափակուած էր եկեղեցւոյ տարողութեան համեմատ:

            Իր հոգեւոր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Նիկիական Հանգանակին եւ անոր ընդմէջէն Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին ու առաքելութեան, որուն գործունեայ մասնակիցն էր նաեւ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինը, որուն համար ալ արժանաւորապէս կոչուեցաւ՝ Աստուածամայր եւ Աստուածածին: Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գեղեցկօրէն դրուատեց Մարիամ Աստուածածնի առաքինութիւնները՝ իբրեւ մայրութեան, հնազանդութեան, զոհողութեան, խոնարհութեան եւ մաքրակեցութեան գերագոյն խորհրդանիշ, նշելով, որ Ս. Աստուածածին իր ծնունդէն ու մանկութեան օրերէն, բարեպաշտ ծնողներուն հոգածութեամբ նուիրուած էր Աստուծոյ տաճարին, դարձաւ կիներուն ամէնէն ընտրեալը, իբրեւ Աստուածորդւոյն երկրաւոր մայրը՝ հոգաց Անոր բարի դաստիարակութիւնը, հետեւեցաւ փրկագործութեան առաքելութեան, տեսաւ Զաւկին չարչարանքներն ու մահը եւ ապա Անոր խոստումին իրականացումով՝ արժանի դարձաւ երկնային բնակութեան:

            Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը շարականագիրին բարերով խնդրեց Ս. Աստուածածինի բարեխօսութիւնը՝ աշխարհի խաղաղութեան եւ մարդոց հաճութեան համար, եւ կոչ ուղղեց հայ մայրերուն, որպէսզի Ս. Աստուածածինի օրինակով իրենց ընտանիքիները դաստիարակեն քրիստոնէական արժէքներով եւ մեր հաւատքին ու ազգային աւանդներուն չափանիշներով։

            Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծ համայնքը, Հոգեւոր Հովիւներն ու Հոգաբարձութեան անդամները, եւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

            Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց խաղողի օրհնութիւնն ու մատաղօրհնէք:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us