Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ ՄայրԵկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով յիշատակուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաներու տօնը։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան։ ՍուրբԽորանին սպասարկեցին՝ Թեմիս Հոգեւորականաց դասը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ղեւոնդեանց Քահանայից կատարածինքնազոհողութեան, թէ ինչպէս անոնք իրենց հաւատքը՝ քրիստոնէական հաւատքը պահելու համարդէմ դրին խաւարին։
Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Թեմի հոգեւորականները, մաղթելովքաջառողջութիւն, համբերութիւն եւ հաւատքով լեցուն ծառայութիւն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

