ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՃԱՄԲՈՎ Կ՚ՕԺԱՆԴԱԿԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ

Չորեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց, Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի Տնօրէն՝ Տիկին Լոռի Ապրաքեանը, աշակերտական խորհուրդի պատասխանատու՝ Պրն. Մոսիկ Արզումանեանը եւ Վարժարանի աշակերտական խորհուրդի անդամները։

Այցելութեան նպատակն էր՝ ամիսներու ընթացքին զանազան ծրագիրներէ եւ ուտեստեղէններու վաճառքէն անոնց հաւաքած գումարը նուիրել Արցախցի իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց անոնց կատարած բարեսիրական աշխատանքը։

«Արդէն իսկ կը գտնուինք Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան սեմին։ Տօնական այս օրերուն դուք ձեր անձերէն եւ ձեր հարազատներէն բացի, մտածեցիք նաեւ ձեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք ամիսներ առաջ բռնի ուժով տեղահան եղան իրենց ծննդավայրէն՝ Արցախէն։ Ձեր այս կատարած աշխատանքը գնահատելի է», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us