ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՏՕՆՆ ՈՒ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՄԷՋ

Շաբաթ 12 եւ Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2020-ի շաբաթավերջը ցնծագին օրեր եղան Գէմպրիճի ու շրջակայից՝ Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար։

​Արդարեւ, Սուրբ Խաչի Վերացման, ինչպէս նաեւ Մուսա Լերան Յիշատակութեան տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եղաւ համայնքի զաւակներուն հետ, Ս. Պատարագ մատուցեց ու քարոզեց եւ հերիսայի օրհնութիւն կատարեց։

​Շաբաթ, 12 Սեպտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու հոգեւորականաց դասը, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարեցին Մատաղի օրհնութիւնը։

​Իսկ Կիրակի, 13 Սեպտեմբերի առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ Սրահին մէջ։ Ս. Խորանին ծառայեցին Ս. Նշան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանն ու Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեանը։ Աղօթակից էր նաեւ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Աւ. Քահանայ Փանոսեանը։

​Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներէն՝ Տիկին Արփի Աշգարեանը, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Պատգամաւոր Պրն. Կարօ Փոստաճեանն ու Ազգային Երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կազմը։

​Ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Պրն. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Պրն. Րաֆֆի Տօնապետեանը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Պրն. Մհեր Գարագաշեանն ու ՀՅԴ Արամ-Դրօ կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Պրն. Վիգէն Գէորգեանը։

​Հոգեւոր Հովիւը՝ Հայր Գեղարդը, յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, բարի գալուստ մաղթեց ու ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանն ու պատկան մարմինները, այնուհետեւ շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր Թեմակալ Առաջնորդ վերընտրութիւնն ու ոյժ ու կորով մաղթեց անոր։

​Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին վեր առաւ Խաչվերացի տօնն ու անորմէ բխած Ս. Խաչի զօրութեան պատգամը, նշելով որ այս տօնին, Ս. Խաչին ընդմէջէն Խաչեալին փրկագործութեան ներբողն է որ կը կատարենք, որուն ողջակիզմամբ՝ խաչը անարգ մահուան միջոցէն վերածուեցաւ փրկութեան, յաղթանակի, զոհողութեան, նուիրումի ու պահպանութեան խորհրդանիշի։ «Խորհրդանիշ մը, որ հայ ժողովուրդը պատիւով իր ուսերուն կրեց անցնելով հազար ու մէկ գողգոթաներ, հասնելով Տէր Զօր, Սուրիա մինչեւ Լիբանան ու Այնճար», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը։

​Անդրադառնալով Մուսա Լերան Հերոսամարտի Յիշատակութեան տօնին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Մուսա Լերան հերոսամարտն ալ անմիջականօրէն կապուած է Խաչի Վերացման Տօնին հետ, երբ թշնամիին ճիրաններէն փրկուած հերոսական ազգը 105 տարի առաջ, Սեպտեմբեր 12-ին, անգամ մը եւս բարձրացուց խաչի նշանը, որ եղաւ փրկութեան, գոյատեւման, հայու ինքնութեան ու արժանապատուութեան երաշխիք, հաւաստիք՝ նոր Մուսա լերան մը կերտման, Այնճարի օրհնեալ հիւղաւանին մէջ»։

​Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ցասումով անդրադարձաւ Սուրիոյ ու Լիբանանի հայութեան դժուար վիճակին, գնահատեց ՀՅԴ համաշխարհային մեծ ընտանիքի ճիգերն ու ջանասիրութիւնը՝ հասնելու մեր հայրենակիցներուն, ձեռք երկարելով ու նեցուկ կանգնելով անոնց։

​Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց ներկաները ապաւինելու Ս. Խաչի փրկարար զօրութեան, Խաչն ու Խաչեալը ուղենիշ դարձնելով մեր կեանքերուն մէջ։

​Իր հոգեւոր պատգամէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայացուց եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւը՝ Հայր Գեղարդը, մաղթելով, որ իր ծառայութեամբ հաւատք ներշնչէ համայնքի զաւակներուն։ Ապա, Նշեց, որ Տ. Կոմիտաս Աւ. Քահանայ Փանոսեան, Թեմիս կանոնագրութեան հիման վրայ հանգստեան կը կոչուի, սակայն մնայուն կերպով մեր կողքին կը մնայ։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Տէր Հօր բազմամեայ ծառայութիւնն ու վաստակը եւ երկար ու առողջ կեանք մաղթեց անոր։

​Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ աւանդական Ռէհանօրհնութիւնն ու հերիսայի օրհնութիւնը։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us