Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի տնօրինումով, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, եկեղեցական առաքելութեամբ մեկնեցաւ Ուինիփէկ:

 

Կիրակի, 30 Նոյեմբեր 2025-ին, Հայր Սուրբը, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, Ուինիփէկի «St. Bernadette» Եկեղեցւոյ մէջ։

 

Իր քարոզին մէջ, Հայր Սուրբը առաջին հերթին Ուինիփէկի համայնքին փոխանցեց Առաջնորդ ՍրբազանՀօր օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները, ապա անդրադարձաւ օրուան աւետարանականընթերցումէն բղխող խորհուրդին։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Դպրաց Դասի օրհնութիւն։

 

Դ

594972764_1298458085657352_124283884315142279_n

Image 2 of 2

ԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ