Աւագ Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նախագահեց, Ոտնլուայի կարգը կատարեց եւ յաւուր պատշաճիքարոզեց Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ ԳերապատիւՏ. Գարեգին Ծ. Վարդապետ Շխրտմեանը, Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ ՎարդապետԵագուպեանը եւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ ԱւագՔահանայ Միքայէլեանը։ Ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետուհի՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանըեւ Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Պարոն Յարութ Գասապեանը։
Սրբազան Հայրը իր պատգամի ժամանակ ըսաւ. «Ոտնլուան մեզ կը հրաւիրէ խոնարհութեամբ եւ սիրովծառայելու։ Սէրը կը խոնարհի, կը ծառայէ, կը մաքրէ եւ ուրիշներուն բեռը կը թեթեւցնէ։ Այո՛, քրիստոնեայհաւատացեալի կեանքը նոյնպէս պէտք չէ հանդիսատեսի կեանք ըլլայ, այլ նուիրումի եւ զոհողութեանկեանք»։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի
























