Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՄԻՋ-ԹԵՄԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւտեան եւ Գանատայի թեմերու հանդիպումը։

Գերաշնորհ Սրբազան Հայրերուն՝ Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի, Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի։ Թեմերու Ազգային Վարչութեանց դիւաններու հանդիպման ներկար էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանը։

Հանդիպումին Վեհափառ Հայրապետը շեշտած է մեր թեմերը վերակենսաւորելու հրամայականը Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծիրէն ներս եւ այս ուղղութեամբ կատարած է շարք մը մատնանշումներ եւ թելադրութիւններ անհրաժեշտ ծրագրումներ կատարելու համար։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է միջ-թեմական գործակցութեան, կանոնագրութեան, երիտասարդութեան, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ այլ մարզերու առընչուած հարցեր։

Նշենք, որ Թեմիս Ազգային Վարչութեան դիւանը կը ներկայացնէին՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան, ատենապետ եւ Տիկին Աննա Պուլկարեսն, ատենադպիր։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us