Սուրբ Յարութեան Տօնին յաջորդող առաջին Կիրակին՝ Նոր Կիրակի։
Հրաւէր Վերանորգման։
Քրիստոս իր իսկ Յարութեամբ կը հրաւիրէ մեզ նորոգելու մեր կեանքերը, փոխելու մեր մտածելակերպը, սէր տածելու մեր նմանին նկատմամբ, ներող հոգի ունենալ եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը ու ներկայութիւնըզգալ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ։
Դարձեալ լսենք հրեշտակին ձայնը, որ կ՚ըսէ. «Գիտեմ Յիսուս Նազովրեցին կը փնտռէք, այստեղ չէյարութիւն առած է»։
Այս ճշմարտութեամբ ապրեցաւ մեր ժողովուրդը։ Այս ճշմարտութեան վկան դարձաւ մեր ժողովուրդը իրիսկ կեանքով, նուիրումով, զոհաբերութեամբ եւ նոյնիսկ նահատակութեամբ։
Միասնաբար դարձեալ կրկնենք. «Փա՜ռք հրաշափառ Յարութեան Քո Տէր»։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի

