ՅՈՅՍԻ ԲԱՐՁՐՈՒՆՔԸ

ՅՈՅՍԻ ԲԱՐՁՐՈՒՆՔԸ

1952 թուականը Սփիւռքահայ տարրին համար նոր էջ մը բացաւ։ Էջ մը, որուն վրայ արձանագրուած կոյս տողերուն օրհնութիւնը հանդիսացաւ Աստուածածնայ ուխտագնացութեան օրհնաբեր ու Վերածնունդի յոյսի լոյսով լեցուն Սուրբ աւանդութիւնը։ Աստուածածնայ Մատռան հիմնադրումին յաջորդող այս Աստուածահաճոյ սովորութիւնը Սփիւռքահայութեան համար վերածուեցաւ ամենավսեմ տօնախմբութիւններէն միոյն, ուր իւրաքանչիւր հայ իր հոգիին պարտականութիւնը համարեց այս Սուրբ օրով անգամ մը եւս իր հայեացքը դէպի անցեալ դարձնելու եւ անցեալի արցունքներով ողողուած «Հի՜ն օրերու» ցաւերը ներկայի արգասաբերութեան ու ապագայի լաւատես յաջողութիւններով թարմացնելու լաւագոյն առիթը։ Շատ շատեր իրենց սիրտին խորքը փափաք մը, իսկ ուրիշներ իրենց հոգին ճնշողու խիղճերնին ծանրացնող «Բեռէ» մը ձերբազատելու համար կը բաձրանան Հայոց այս Նոր Գողգոթան, որմէ ճաճանչող ճառագայթներէն թարմացած հոգիներով ու յագեցած սիրտերով փրկութեան յոյսով վերածնած իրենց վայրէջքը կը կատարեն դէպի ալեկոծ աշխարհ…։ Աստուածամայրն է որ իր մայրութեան գուրգուրալից հպումներով կը ներթափանցէ իւրաքանչիւր ուխտաւոր հայորդիի ալեկոծ հոգիին խորքերը ու իրմէ ծնած Աստուածորդիին՝ մեր Փրկիչին խաղաղութիւնը կը հաստատէ անոր ներսիդին։ Հայու Նոր Գողգոթան, Պիքֆայայի բարձրունքներուն վրայ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցողներու փրկութեան գողգոթան է, ուր աներեւոյթ ներկայութեամբ բարձրացած Քրիստոսի Ս. Խաչը, փրկութեան լոյսով կը վերանորոգէ իւրաքանչիւր հայու ներաշխարհը։ Օրհնութեան, սրբութեան, արգասաբերութեան ու մանաւանդ Մայրութեան խորհրդանիշ հանդիսացող Ս. Աստուածածինը հայոց աշխարհին համար եղած է ու միշտ կը մնայ ամէնօրեայ փառաբանութեան արժանի դէմք մը, որով նաեւ ան հայ անհատին վերածնունդին անկիւնաքարը կը նկատուի։ Ի զուր չէ, որ մեր եկեղեցւոյ մէջ առօրեայ դրութեամբ կ’երգենք «Փառաւորեալ եւ օրհնեալ միշտ Սուրբ Կոյս Աստուածածին Մարիամ, մայր Քրիստոսի մատո զաղաչանս մեր Որդւոյ քո եւ Աստուծոյ մերոյ»։ Այս տողերուն ընդմէջէն համայն աշխարհն հայոց կը խոստովանի Ս. Կոյս Մարիամի Աստուածամայր ըլլալուն իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր կատարած բարեխօսութեան դերը իր երկնաւոր Որդիին մօտ ի խնդիր մեր (իր երկրաւոր զաւակներուն) փրկութեան ու բարօրութեան համար։ Դարերէ ի վեր Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Հայրերէն մեզի ժառանգ մնացած Սուրբ Մօր այս խորհուդրը, մեծ նշանակութիւն ունի մեզմէ իւրաքանչիւրին համար. եւ որպէս հայորդիներ մենք պարտաւոր ենք մեր յարգանքի ու փառաբանութեան տուրքը ընծայելու մեզ բարեխօսող Ս. Մօր, անոր նուիրուած ուխտի օրուան առիթով։ Ահաւասիկ մեր պարծանքի աղբիւրը, որ Պիքֆայայի բարձրունքներէն առատօրէն իր օրհնութիւնները կը զեղու իւրաքանչիւր հայու հոգիին յագեցման համար։ Խմենք անկէ առատապէս ու բարձրանալով անոր գագաթն ի վեր տեսնենք փառքը Երկնաւորին, փառքը մեր աշխարհին, փառքը մեր դարաւոր եկեղեցիին՝ արթուն պահապանը հայու տիպարին։

ԱՐՏԱԿ ԱԲՂ. ԱՐԱՊԵԱՆ
http://www.armenianorthodoxchurch.org/



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us