ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ,

Ինչպէս նախորդ յայտարարութեամբ տեղեկացուցած էինք, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը աչալրջօրէն կը հետեւի Թագաժահռի (COVID-19) համաճարակի ընթացքին եւ Գանատայէն ներս այս առնչութեամբ առնուող պետական եւ եկեղեցական կանխարգիլման միջոցառումներուն։ Առ այդ, Թեմիս Կրօնական ժողովը, այսօր (13 Մարտին) գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին առնուեցան հետեւեալ որոշումները, զորս կը փոխանցենք մեր համայնքներու հոգեւոր հովիւներուն եւ հոգաբարձութեանց, ինչպէս նաեւ՝ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, առ ի զգուշացում եւ գործադրութիւն։

Ա.- Այս Կիրակիէն սկսեալ (15 Մարտ 2020), բոլոր Եկեղեցական արարողութիւնները (Հսկում, Արեւագալ) եւ ի մասնաւորի Կիրակի օրերու Ս. Պատարագի արարողութիւնները, տեղի պիտի ունենան ԴՌՆՓԱԿ։ Այսինքն, Հովիւները պիտի մատուցեն Սուրբ Պատարագը, մասնակցութեամբ սահմանափակ թիւով սարկաւագներու եւ Դպրաց Դասի անդամներու։ Հաւատացեալներ կրնան հետեւիլ արարողութեանց՝ ՈՒՂԻՂ ՍՓՌՈՒՄՈՎ (Live Streaming, հետեւելով Facebook-ի էջերուն)։

Բ.- Սուրբ Պատարագի աւարտին, Հոգեհանգստեան արարողութիւնները, եւս, տեղի պիտի ունենան ԴՌՆՓԱԿ։ Ընտանեկան պարագաներ կրնան հեռաձայնով արձանագրել հոգեհանգստեան իրենց խնդրանքները, եւ հետեւիլ, դարձեալ, ուղիղ սփռումով։

Գ.- Նկատի ունենալով նաեւ, որ յառաջակայ շաբաթներու ընթացքին տօնական օրեր կը սպասեն մեզ (Ծաղկազարդ, Աւագ Շաբաթ եւ Սուրբ Զատիկ), հետեւեցէք մեր դիմատետրի եւ կայքէջի (Facebook եւ website) լուրերուն եւ օրին տեղեկացէք Առաջնորդարանիս հրապարակած յայտարարութիւններուն։

Դ.- Թեմիս հոգեւորականաց դասը պիտի շարունակէ իրեն վստահուած հովուական ծառայութիւնը մատուցել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ի հարկին այցելելով եւ աղօթքներ կատարելով իրենց դիմող մեր ժողովուրդի հաւատացեալ զաւակներուն համար։

Վերոյիշեալ որոշումները պիտի օժանդակեն, որ Գանատայի հասարակութեան Թագաժահռի համաճարակին դէմ տարած պայքարին, մեր մասնակցութիւնը բերել եւ այդպիսով՝ապահովել մեր համայնքի զաւակներուն առողջ եւ բարւոք կեանքի ընթացքը։

 

Գանատայի Հայոց Թեմի

                     Կրօնական Ժողով



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us