Յիսուս Քրիստոս, վերջին ընթրիքի պահուն ոտքի ելաւ, ղենջակը կապեց մէջքին եւ սկսաւ Իրաշակերտներուն ոտքերը լուալ։ Վարդապետը խոնարհեցաւ իր աշակերտներուն առջեւ, Բարձրեալըծունկի եկաւ եւ ծառայի նման սպասարկեց։ Ահա այստեղ է որ Ասուածորդին մարդոց մտածելակերպըյեղաշրջեց եւ ճշմարտութիւնը բացայայտեց ըսելով, մեծութիւնը խոնարհութեան մէջ է։
«Արդ, եթէ ես՝ որ Տէր եւ Վարդապետ եմ՝ լուացի ձեր ոտքերը, դուք ալ պարտաւոր էք իրարու ոտքերըլուալ» (Յովհ. 13.14)։ Ան միայն չ՚ըսաւ խոնարհ եղէք, այլ ինք խոնարհեցաւ։
Ոտնլուան մեզ կը հպաւիրէ խոնարհութեամբ եւ սիրով ծառայելու։ Սէրը կը խոնարհի, կը ծառայէ, կըմաքրէ եւ ուրիշներուն բեռը կը թեթեւցնէ։ Այո՛, քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքը նոյնպէս պէտք չէհանդիսատեսի կեանք ըլլայ, այլ նուիրումի եւ զոհողութեան կեանք։
Քրիստոս աշակերտեներուն փոշոտ ոտքերը չլուաց միայն, այլ անոնց ընդմէջէն ամբողջ մարդկութեանմեղքը սրբեց ու թողութիւն շնորհեց։ Քրիստոսի մօտ եկող մեղաւորը չի մերժուիր, այլ կը սրբուի եւ ներումկը ստանայ։
Յաճախ մենք պատրաստ ենք ուրիշին կեղտը մատնանշելու, բայց ոչ՝ լուալու։ Պատրաստ ենք դատելու, բայց ոչ՝ բարձրացնելու, պատրաստ ենք յիշելու ուրիշին յանցանքը, բայց ոչ՝ ներելու։
Այսօր Քրիստոս կանգնած է մեր առջեւ ղենջակը կապած մէջքին, մեզ լուալու մեր մեղքերէն, անտարբերութենէն, կարծրասրտութենէն, հպարտութենէն եւ նախանձէն։
Եկէ՛ք Տիրոջ օրինակին հետեւինք եւ ըլլանք աւելի խոնարհ, սիրով լեցուն, նուիրումով պատրաստծառայելու մեր նմանին։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Գանատայի Հայոց Թեմի

