Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնի Ճրագալոյցին, Երկուշաբթի, 5 Յունուար 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց ու քարոզեց Գէմպրիճի Ս. ՆշանԵկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալներուն փոխանցելով Քրիստոսի Ծննդեան աւետիսը։

 

Ս. Պատարագէն առաջ, Ս. Ծննդեան յատուկ Ս. Գրային ընթերցումներ կատարեցին դպիրներն ուդպրուհիները, ապա, Ս. Ծննդեան ժամամուտի արարողութեամբ սկսաւ Ս. Պատարագը:

 

Ս. Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազան հօր կողքին Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանն ու Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին՝ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Փանոսեանն ուԱրժանապատիւ Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեանը։

 

Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը։

«Այսօր, երբ բեթղեհէմեան աստղի առաջնորդութեամբ կ’երթանք մսուր եւ ականատես կ’ըլլանքսքանչելի խորհուրդին, յաւիտենական, մշտնջենական, անկորնչելի եւ անմահական Լոյսին, ականատեսկ’ըլլանք Աստուծոյ մարդեղութեան, թէ ինչպէս մեզի պէս մարմին զգեցաւ, ծնաւ եւ յայտնեցաւ, որպէսզիմենք վերադառնանք Իրեն։ Մարդեղացումը յստակօրէն կը բացայայտէ մեզի թէ՝ Յաւիտենական Որդինժամանակի մէջ մտաւ, անսահմանելին սահմանուեցաւ, անբաւելին խանձարուրով պարուրուեցաւ, անտեսանելին՝ տեսանելի դարձաւ, որպէսզի մենք այս խաւար աշխարհին մէջ տեսնենք փրկութեանլոյսը», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։

 

Քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց՝ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւինու Հոգաբարձութեան, Սարկաւագաց ու Կպրաց դասերուն, երիտասարդներուն եւ Տիկնանցյանձնախումբին։

 

Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ Խորանի լոյսէն փոխանցեցհաւատացեալներուն։

 

Ապա, «Փոսթաճեան» սրահէն ներս կատարեց հացի աղի ու ջուրի օրհնութիւն, անոնց ընդմէջէն օրհնեցիւրաքանչիւր հաւատացեալ, որպէսզի Քրիստոսի Լոյսին ներքոյ ապրին սիրով եւ խաղաղութեամբ լեցունկեանք մը:

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

DSC_0477

Image 1 of 10