Տասը կուսանաց առակ։

 

Տասը կոյսեր, որոնք հրաւիրուած էին հարսանիքի։

 

Բոլորն ալ լապտերներ ունէին եւ փեսային կը սպասէին։Անոնք երկու խուսբի կը բաժնուէիին, հինգը՝իմաստուն եւ հինգը՝ յիմար։

 

Երկու խումբերն ալ կը սպասէին, սակայն տարբերութիւնը ի՞նչ բանի մէջ կը կայանար, իմաստուններըաւելորդ ձէթ ապահոված էին եւ պատրաստ էին իրենց լապտերները լուսաւոր պահելու, իսկ յիմարները՝ոչ։ Երբ փեսան ուշացաւ, բոլորն ալ քնացան։

 

Խորքին մէջ այս առակը մեր կեանքի հայելին է։ Ան չի խօսիր ապագայի մասին, այլ կը խօսի ներկայիմասին։ Կեանքի մէջ յաճախ յոգնութեան պատճառով կը քնանանք։

 

Հարցումը մեզմէ իւնրաքանչիւրին այսօր եւս ուղուած է. պատրա՞ստ էք, արթո՞ւն էք։ Փեսան որեւէ մէկժամանակ կրնայ գալ, կու գայ այն ժամուն երբ մենք չենք ակնկալեր, չենք սպասեր։ Հարսնարանի՝Երկնքի Արքայութեան դուռը կը գոցուի մեր դիմաց եթէ արթուն եւ պատրաստ չենք։

 

Այսօր է պատրաստ ըլլալու ժամանակը, «վաղը կը պատրաստուիմ» եթէ ըսենք կրնայ ուշ ըլլալ, փեսանկու գայ եւ մենք ուշ կը հասնինք դրան առջեւ եւ երբ դուռը գոցուի, որքան ալ թակենք դուռը եւ աղաչենք«ՏԷ՛Ր, ՏԷ՛Ր ԲԱՑ ՄԵԶԻ», միանշանակ պատասխանը յստակ է «ՉԵՄ ՃԱՆՉՆԱՐ ՁԵԶ»։

 

Հետեւաբար ԱՐԹՈՒՆ ԵՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱՆՔ իմաստուն կոյսերու նման, արժանի ըլլալու փեսային հետուրախութեան, երկնային հարսնարանը՝ երկնքի արքայութիւնը մտնելու վերանորոգուած հաւատքով։

 

Աղօթարար՝

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի